Սէուտական, փաքիստանեան եւ իրանեան աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Փաքիստան, տագնապի մագլցումը արգիլելու համակարգուած ջանքով մը, Իրանին փոխանցեց սէուտական նախազգուշացում մը, որպէսզի զսպէ Եմէնի մէջ իրեն դաշնակից հուսիները, որոնք Սէուտական Արաբիոյ վրայ իրենց յարձակումներուն մէջ մագլցումի դիմեցին»:
Օրաթերթին համաձայն, հակամարտութիւնը, որ ուժանիւթի համաշխարհային մատակարարումներուն սպառնացող պատերազմի երկրորդ թատերաբեմն է, մագլցում կ՛արձանագրէ այն պահուն, երբ Իրանն ու Միացեալ Նահանգները պատերազմի սկիզբէն ի վեր Ծոցի շրջանին մէջ նաւերու վրայ վրէժխնդրական յարձակումներու մեծագոյն ալիքին ձեռնարկած են:
«Փաքիստանի Իրանին ուղղուած զգուշացումը մեծ կշիռ ունի` Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ հետ անոր ունեցած պաշտպանական համաձայնութեան պատճառով: Մինչ Իսլամապատի մէջ պաշտօնատարներ շեշտեցին, որ որեւէ զինուորական դերակատարութիւն սէուտական հողերու պաշտպանութեամբ պիտի սահմանափակուի, Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար Խաուաժա Ասեֆ ըսաւ, թէ յարձակումներուն դէպի Սէուտական Արաբիա տարածուիլը կրնայ յանգեցնել միացեալ ապահովական դասաւորման մը, որ կը ներառէ Ռիատը, Անգարան եւ Իսլամապատը», կը գրէ «Ռոյթըրզ»:
«Թեհրանին յղուած պատգամը յստակ է. կա՛մ հուսիները զսպէ, կա՛մ ալ անուղղակի պատերազմը շրջանին մէջ աւելի ընդարձակ ապահովական տագնապի վերածելու վտանգը դիմագրաւէ», նշած են աղբիւրները:
Շրջանէն բարձրաստիճան դիւանագէտ մը լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Փաքիստան անցնող 24 ժամուան ընթացքին Իրանին փոխանցեց պատգամ մը եւ Թեհրանը յորդորեց իր ազդեցութիւնը օգտագործելու Սէուտական Արաբիոյ վրայ հուսիներու յարձակումները դադրեցնելու համար»:
Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իր կարգին «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է. «Փաքիստան երեքշաբթի օր նամակ մը փոխանցեց Իրանին, որ պատասխանեց, թէ հուսիներուն վրայ վերահսկողութիւն չունի»:
Իրանական երկու աղբիւրներ, սակայն, նշեցին. «Իրան անցեալ շաբաթ հուսիներուն հրամայեց Սէուտական Արաբիոյ վրայ յարձակումներ շղթայազերծել, եւ Թեհրան խոստացաւ յաւելեալ ֆինանսաւորում ու զէնքեր տրամադրել, ինչպէս նաեւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի շարք մը ղեկավարներ Եմէն ճամբորդեցին` յարձակումներու համակարգման օգնելու համար»: