Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը հրաշալի էր, եւ որ Ռուսիոյ նախագահը յանձնառու է Ուքրանիոյ հարցին մէջ համաձայնութեան հասնելուն, «եւ եթէ Զելենսքին կ՛ուզէ համաձայնութեան գալ, ատիկա շատ լաւ պիտի ըլլայ»:
Յիշեցնենք, որ 8 սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահները ունեցած էին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած էին ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների Մոսկուա եւ Քիեւ այցելութեան արդիւնքները:
Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտարարած էր. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային անկեղծ ու շինիչ բանակցութիւններ վարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ»:
«Փութինն ու Թրամփը ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների Մոսկուա եւ Քիեւ այցելութեան շուրջ տեսակէտներու փոխանակում կատարեցին», ըսած էր ան:
«Ուիթքոֆի եւ Քուշների Մոսկուա եւ Քիեւ այցելութեան արդիւնքը Փութինի եւ Թրամփի կողմէ դրական գնահատուեցաւ», աւելցուցած էր Ռուսիոյ նախագահի օգնականը:
«Փութինի եւ Թրամփի զրոյցը կեդրոնացաւ ուքրանական տագնապի կարգաւորման վրայ, եւ Թրամփ հետաքրքրուած է իր նախագահական նստաշրջանի ընթացքին ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման մէջ բեկում յառաջացնելով», նշած էր Ուշաքով:
Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով երէկ ալ յայտարարեց, թէ Մոսկուան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապին կը դիտարկէ իբրեւ Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւններու նախընտրելի վայր:
Ան «Վեսթի» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ, թէ ուքրանական կողմին հետ հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին, սակայն ներկայիս կը քննարկուի նախկին բանակցութիւններու վերսկսման կարելիութիւնը:
Ռուսիոյ նախագահի օգնականը նշեց, որ ռուսական կողմը այս հարցը քննարկած է նաեւ ամերիկացի գործընկերներու հետ:
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով 9 սեպտեմբերին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած էր, թէ ամերիկեան կողմը ներկայիս լուրջ աշխատանք կը տանի Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւնները վերսկսելու ուղղութեամբ:
«Մենք կը սպասենք, որ բանակցութիւնները վերսկսին եռակողմ ձեւաչափով` Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեամբ», նշած է Փեսքով: