Վանս. «Իրանի Առջեւ Շատ Ընտրանքներ Չմնացին»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանը զրկած են իր նաֆթարդիւնաբերութեան արտածումէն, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ ուժանիւթի ոլորտէն անոր եկամուտները դադրին:

Վանս աւելցուց, որ Թեհրանի առջեւ գտնուող ընտրանքները այլեւս սահմանափակ են:

Ան նշեց, որ կարելի է Իրանի հետ համաձայնութիւն ձեռք ձգել, եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ուզէ այդ ուղղութեամբ ընթանալ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Տալասի մէջ հաւաքի մը ընթացքին նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ «պիտի յաղթեն Իրանի հետ պատերազմին մէջ: Իրապէս պիտի յաղթենք»:

Ան նախատեսեց, որ քարիւղի գիները նուազին, անմիջապէս որ պատերազմը յաղթանակով աւարտի:

Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուց, որ Հորմուզի նեղուցը Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութեան տակ է, եւ «անիկա պէտք է Թրամփի նեղուց կոչուի»:

Թրամփ յայտնեց, որ Իրան «կը տապալի», երբ ան «տասնամեակներ շարունակ Միջին Արեւելքի մէջ բռնածաղր կատարող էր»:

Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ այսօր աւելի քարիւղ եւ կազ կ՛արտադրեն, քան երբեւէ, եւ աւելի քան Ռուսիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ արտադրութիւնները իրարու գումարած:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը խօսեցաւ ամերիկեան մարտանաւեր հարուածելու Իրանի փորձերուն մասին` նշելով, որ խուսանաւելու կարողութիւն ունեցող մարտագլխիկներու օգտագործումով Թեհրան իր այդ նպատակին աւելի մօտեցած է:

Թրամփ նախատեսեց, որ պատերազմը միջանկեալ ընտրութիւններէն կարճ ժամանակ ետք աւարտի, որովհետեւ իրանցիները «գոյատեւման կը կառչին» այն յոյսով, որ ինք ընտրութիւններուն ընթացքին պարտութիւն կը կրէ, եւ իրենք գործ կ՛ունենան «անմիտ ու տկար» դեմոկրատականներուն հետ:

Ան ըսաւ, որ կարելի է «Ժապալ Ֆաըս» դիրքը հարուածել` այդտեղ շարժումներ նկատելէ ետք: «Շատ լաւ գիտենք, թէ այդտեղ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ: Դիրքին մէջ կարգ մը աշխատանքներ նկատեցինք», յայտնեց Թրամփ` Իրանը յորդորելով «որեւէ բան ընել չփորձել»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Էքուատոր կատարած այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, թէ իր երկրին կարծիքով` Իրանի արտաքին առեւտրական կապերը եւ այլ պետութիւններու կողմէ ցուցաբերուող աջակցութեան տարբեր ձեւերը չեն փոխեր Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ ուժերու յարաբերակցութիւնը:

«Մենք չենք կարծեր, թէ որեւէ մէկը Իրանին կը տրամադրէ բան մը, որ կը փոխէ ընթացիկ իրադարձութիւններու թափը կամ շրջագիծերը», ըսաւ Ռուպիօ:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն զբաղիլ Իրանի «տնտեսապէս խեղդելով» եւ անոր արտաքին առեւտրական ու ֆինանսական կապերուն սահմանափակումով:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց նշեց. «Իրանի կողմէ որեւէ պատճառով եւ որեւէ տեղէ Իսրայէլի վրայ որեւէ յարձակում ուժեղ ու աննախադէպ հակադարձութեան պիտի արժանանայ»:

«Իրանին տրուելիք պատասխանը պիտի ներառէ անոր գլխաւոր ուժանիւթային կառոյցները: Իսրայէլեան այսպիսի հարուած մը Իրանը տասնամեակներ ետ պիտի տանի եւ խաթարէ վարչակարգը», աւելցուց Քաց:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սպիտակ տան աւագ խորհրդականները Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ գաղտնաբար քննարկած են Իրանի պատերազմին Թրամփի նախագահական ամբողջ նստաշրջանի ընթացքին շարունակուելու հաւանականութիւնը:

Ըստ օրաթերթին, փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս, արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ եւ այլ պաշտօնատարներ Թրամփի հետ քննարկած են Իրանի` ճնշումներուն դիմադրել շարունակելուն հաւանականութիւնը, ինչ որ կրնայ յանգեցնել հակամարտութեան մինչեւ 2029 թուականին պաշտօնի ստանձնումի օրէն ետք երկարաձգման:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» նշեց, որ Թրամփ իր օգնականներուն հետ շատ կը խօսի պատերազմին արագ կարգաւորման հասնելու իր փափաքին մասին, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը զօրակցի երկարատեւ ծովային շրջափակման հաստատման` իրանեան վարչակազմին իր հիւլէական ծրագիրը կազմաքանդել ստիպելու համար:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ չորեքշաբթի գիշեր Յորդանանի մէջ օդուժի «Մուաֆաք Սուլթի» ռազմակայանին վրայ կատարուած իրանեան յարձակումներուն պատճառով ամերիկեան պատերազմական շարք մը օդանաւեր վնասուած են:

Աղբիւրները հաղորդած են, որ Յորդանան գտնուող ամերիկեան ուժերը իրանեան յարձակումին դէմ դնելու համար աւելի քան 30 հակաօդային հրթիռ արձակած են:

Աղբիւրները աւելցուցած են, որ «Էյ-10 Թանըրպոլթ» տիպի օդանաւ մը իր թեւերէն մէկը կորսնցուցած է, իսկ շուրջ 8 «Էֆ-15» տիպի հալածիչներ թեթեւօրէն վնասուած, ապա նորոգուած են:

Leave a Comment