Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Էլնուր Մամետով Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տէյվիտ Ալընի հետ քննարկեց «Թրամփի ուղի»-ի իրականացումը եւ Ազրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարները: Լուրը կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պաքուի մէջ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Էյմի Քարլոնը:
Ըստ հաղորդագրութեան, կողմերը քննարկեցին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացի յառաջմղումը, երկարաժամկէտ եւ կայուն խաղաղութեան ապահովումը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան ամրապնդումը:
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ «Թրամփի ուղի»-ի իրականացման եւ ստեղծման կառավարման ընկերութեան, որ պիտի ղեկավարէ երթուղիի երկայնքով ենթակառուցուածքներու շինարարութիւնը:
Մամետով նաեւ ներկայացուց Միացեալ Նահանգներ կատարածի այցելութեան արդիւնքները:
Ազրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները նաեւ քննարկեցին երկկողմանի համագործակցութեան հեռանկարները եւ ռազմավարական գործընկերութեան ճամբու քարտէսի նախատեսուած ուղղութիւնները: