Թող Ազրպէյճանը Հայկական հիւլէական կայանին վիճակով Հայաստանէն աւելի չմտահոգուի: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է հիւլէական կայանի ընդհանուր տնօրէն Էդուարդ Մարտիրոսեան` արձագանգելով Մեծամօրի հիւլէական կայանի «անվտանգութեան սպառնալիքի» եւ ատոր ապագայ փակման վերաբերեալ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան:
Կայանի ղեկավարը լրագրողներուն ըսած է, որ աշխարհի վրայ չկայ որեւէ հիւլէական կայան, ուր 153 օրուան ընթացքին իրականացուած ըլլային արդիականացման 20 մեծ քայլեր:
Մարտիրոսեան վերջերս այցելած է եւրոպական երկիրներէն մէկուն հիւլէական կայան, ուր անոր յայտնած են, որ նոյն ծաւալի աշխատանքներու իրականացման համար կարիքը պիտի ունենային 6 տարուան աշխատանքի:
Ան համոզուած է, որ կատարուած աշխատանքը բարձր գնահատականի պիտի արժանանայ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ներկայացուցիչներու հերթական այցելութիւններուն ընթացքին: