Ռուպիօ. «Մոսկուայի Եւ Քիեւի Մէջ Քննարկուած Են Նոր, Բովանդակալից Առաջարկներ»

Մոսկուայի եւ Քիեւի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած են նոր, բովանդակալից առաջարկներ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ:

«Ես այս շաբաթավերջը կը կոչէի բովանդակալից այն իմաստով, որ վերականգնուած է գործակցութիւնը, երբ բազմաթիւ ամիսներէ ի վեր անիկա կը բացակայէր», նշած է Ռուպիօ` Քոլոմպիոյ մէջ պատասխանելով լրագրողներու ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւըն Ուիթքոֆի եւ Թրամփի փեսայ Ճարետ Քուշների Մոսկուա եւ Քիեւ այցելութիւններուն մասին հարցումներուն` աւելցնելով. «Եւ ներկայացուած են բովանդակալից գաղափարներ»:

Ան նշած է, որ քննարկուած են նոր գաղափարներ, սակայն ընդգծած, որ տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարելիք:

«Կը կարծեմ, թէ ատոնք բովանդակալից բանակցութիւններ էին: Ես չեմ ուզեր զանոնք լաւ կամ վատ կոչել», աւելցուցած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Ան բացատրած է, որ չ՛ուզեր չափազանց լաւատես ըլլալ, սակայն նաեւ յոռետեսօրէն չէ տրամադրուած ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարներու վերաբերեալ:

Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատայի պատգամաւոր Անն Սքորոխոտ յայտնած է, որ խաղաղութեան պայմանները, որոնք Միացեալ Նահանգները յաջորդ անգամ Ուքրանիոյ պիտի առաջարկեն, աւելի վատը պիտի ըլլան անոնցմէ, որոնք իրենց Քիեւ կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին յայտարարած են Ուիթքոֆն ու Քուշները:

«Այո՛: Այն պայմանները, որոնք անոնք բերած էին, ուղղակի անհեթեթութիւն են», պատասխանած է ան ուքրանացի լրագրող Լանա Շեւչուքի համապատասխան հարցումին:

 

Leave a Comment