Կիպրոսի, Եգիպտոսի Եւ Յունաստանի Ղեկավարները Յարաբերութիւններու Մէջ Շարունակականութեան Կարեւորութիւնը Կը Շեշտեն

Յունաստանն ու Եգիպտոսը Եգիպտոսի Ալամէյն քաղաքին մէջ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթա Սիսիի միջեւ հանդիպումի ընթացքին իրենց յարաբերութեան ռազմավարական բնոյթը շեշտեցին: Այս մասին հաղորդեց յունական «Էքաթիմերինի»-ն:

Այդ հանդիպումին յաջորդեց Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտեսի մասնակցութեամբ եռակողմ հանդիպում մը:

«Էքաթիմերինի» կը գրէ, թէ քննարկումները տեղի ունեցած են շրջանային զարգացումներու, ներառեալ Մեքքայի համաձայնութեան խորապատկերին վրայ, եւ ներկայացուած են իբրեւ վերահաստատում, թէ յոյն-եգիպտական յարաբերութիւններու խորքը անփոփոխ կը մնայ:

Միցոթաքիս հանդիպման առիթը օգտագործած է Թուրքիոյ յղելու հետեւեալ պատգամը. «Յունաստանը ոչ ոքի կը սպառնայ եւ միջազգային օրէնքին վրայ հիմնուած գործնական յարաբերութիւններու ճամբով կայունութեան կը ձգտի»:

«Կայունութիւնը որեւէ պարագայի կատարուած իրողութիւններու առջեւ նահանջ կամ հանդուրժողութիւն չի նշանակեր: Ուստի, Յունաստան ո՛չ իր դիրքորոշումները վստահութեամբ պաշտպանելէ կը վախնայ, ո՛չ ալ երկխօսութեան դիմելէ», աւելցուցած է ան:

Յունաստանի վարչապետը Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւնները ներկայացուցած է իբրեւ շրջանային գործակցութեան բնորդ` ուղղակի կերպով ակնարկելով երկու երկիրներուն միջեւ 2020 թուականի ծովային մասնակի սահմանագծման համաձայնութեան:

«Երբ քաղաքական կամք ու միջազգային օրինականութեան յանձնառութիւն գոյութիւն ունի, կրնանք հասնիլ փոխշահաւէտ մերձեցումներու` միաժամանակ ամրապնդելով շրջանին մէջ կայունութիւնը», ըսած է ան:

Եռակողմ միացեալ յայտարարութիւնը վերահաստատած է եռակողմ համագործակցութեան գործիքակազմին նկատմամբ աջակցութիւնը եւ նշած. «Սահմանազատման կամ ծովային իրաւասութեան վերաբերեալ համաձայնագիրները կամ փոխըմբռնման յուշագիրները պէտք է կնքուին միջազգային օրէնքին համապատասխան», ներառեալ Ծովային իրաւունքի մասին ՄԱԿ-ի հռչակագիրին եւ եռակողմ ծիրին մէջ համաձայնեցուած սկզբունքներուն:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ աջակցութիւն յայտնուած է պաղեստինեան հարցի լուծման` ստեղծումովը 1967 թուականի սահմաններով պետութեան մը, որուն մայրաքաղաքը Արեւելեան Երուսաղէմն է, եւ Այսրյորդանանի եւ Կազայի միջեւ իրաւական շարունակականութեամբ:

Երեք երկիրները նաեւ կոչ ուղղած են` յարգելու Լիբանանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ համաձայնած Լիպիոյ մէջ ազգային միասնութեան անհրաժեշտութեան շուրջ` «առանց արտաքին միջամտութեան»:

Յայտարարութեան մէջ յղում կատարուած է ԿՐԵԿԻ նախագիծին եւ ընդգծուած Եգիպտոսի հասանելիութիւնը Նեղոսի ջուրերուն` միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով Եգիպտոսի համապարփակ գործընկերութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ:

«Էճիփթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ երեք երկիրներու ղեկավարները իրենց հանդիպումի ընթացքին կեդրոնացած են ուժանիւթային գործակցութեան խորացման, շրջանային անվտանգութեան ամրապնդման եւ Միջին Արեւելքի մէջ մագլցում արձանագրող հակամարտութիւններու լուծման վրայ:

Վեհաժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ երեք ղեկավարները վերահաստատած են իրենց հաւատարմութիւնը նոյեմբեր 2014-ին Գահիրէի մէջ ստեղծուած գործիքակազմին` իբրեւ շրջանային համարկման յաջող բնորդ:

Անոնք համաձայնած են կեանքի կոչել այդ գործիքակազմի մշտական քարտուղարութիւնը, որ պիտի հիմնուի Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, անոնք շեշտած են լիբանանեան պետութեան հաստատութիւնները, նախ եւ առաջ զինեալ ուժերը զօրացնելու կարեւորութիւնը:

 

Leave a Comment