Իրան-Միացեալ Նահանգներ Փոխադարձ Ռմբակոծումներ

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, թէ թիրախաւորած է ամերիկեան երկու խորտընկէցներ, որոնք զինուած էին «Քրուզ» եւ «Էյճիս» հրթիռներով, եւ անոնց մեծ վնասներ պատճառած:

Պահակագունդը աւելցուց, որ այդ թիրախաւորումը պատասխան էր իրանեան նաւերու եւ քարիւղատար նաւերու դէմ ամերիկեան թշնամական քայլերուն` ընդգծելով, որ պիտի շարունակէ Միացեալ Նահանգներուն հակադարձել, մինչեւ իրենց յարձակումներու դադրեցումը:

Յեղափոխական պահակագունդը նշեց, որ Ծոցի ջուրերուն մէջ թիրախաւորած է երկու ամերիկեան նաւեր եւ 8 քարիւղատար նաւեր, անոնց մեծ վնասներ պատճառած է, ինչպէս նաեւ թիրախաւորած է 10 նաւեր, որոնք մտադիր էին ամերիկեան բանակին դրդումով անցնիլ Հորմուզի նեղուցին մէջ արգիլեալ եւ ոչ ապահով շրջանէ մը:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը ընդգծեց, որ Ծոցի եւ Հորմուզի նեղուցի ջուրերուն մէջ իր գործողութիւնները հակադարձութիւն էին իրանեան 5 քարիւղատարներու վրայ ամերիկեան յարձակումներու:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը նաեւ յայտարարեց, թէ հրթիռակոծած է Յորդանանի մէջ գտնուող «Ազրաք» ռազմակայանը:

Յորդանանեան բանակը յայտարարեց թէ Իրանի կողմէ հրթիռային յարձակումի ենթարկուած է եւ վնասազերծած իրանեան 18 հրթիռներ, իսկ երկու այլ հրթիռներ ինկած են բաց տարածքներու մէջ:

Իրանեան հրթիռային յարձակումին պատճառով մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:

Նախքան այդ, ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի  հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ վերջին երկու օրերուն ընթացքին ամերիկեան մարտանաւի մը վրայ իրանեան հրթիռային երկու յարձակումներէ ետք յարձակում գործելով քանդած է իրանեան քարիւղատար 5 նաւեր:

Հրամանատարութիւնը նշեց, որ ամերիկեան մարտանաւին վրայ իրանեան յարձակումը ձախողած է, նաւը յաջողած է իրանեան յարձակումի փորձերէն խուսափիլ եւ իր պարեկութեան ծառայութիւնը շարունակած առանց որեւէ վնաս կրելու:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ ընդգծեց. «Ամէն անգամ, որ Իրան կը փորձէ ամերիկեան ծովուժի նաւեր թիրախաւորել, քարիւղատար նաւեր պիտի կորսնցնէ»:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր եգիպտացի պաշտօնակիցին հետ, եւ անոր հետ քննարկած երկկողմանի յարաբերութիւններն ու երկու երկիրները իրարու կապող սերտ ու եղբայրական կապերը:

Երկու նախարարները նաեւ քննարկած են շրջանային զարգացումները եւ շրջանային հարցերու, ներառեալ Փաքիստանը, Եգիպտոսը, Սէուտական Արաբիան ու Թուրքիան ներառող շրջանային քառակողմ խմբակի արտաքին գործոց նախարարներու գործիքակազմին ճամբով սերտ խորհրդակցութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Անոնք համաձայնած են Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ հանդիպում մը ունենալ:

 

Leave a Comment