Պէյրութ մարաթոն միութիւնը նոր ձեւի մրցում մը պիտի կազմակերպէ «Փոյնթ զիրօ» անունով, որ պիտի ըլլայ նոր մարզաձեւ մը` վազելու եւ մարմնի տոկունութեան ու կարողութեան:
Միութիւնը նշեց, որ մրցումը տեղի պիտի ունենայ 4 հոկտեմբերին, Պէյրութի ծովեզերեայ շրջանին մէջ, 25 հազար քառակուսի մեթր տարածութեան վրայ:
Կը սպասուի, որ մօտ 1,250 մարզիկներ մասնակցին Լիբանանէն եւ մօտակայ երկիրներէ, ինչպէս նաեւ 4 հազարէ աւելի ներկաներ ըլլան տարբեր մարզական շրջաններէ, մամլոյ ներկայացուցիչներէ եւ ընկերութիւններէ:
Այս նախաձեռնութեան ընթացքին պիտի որդեգրուի մարզական գաւառ, որ պիտի ներառէ աւելի քան 60 կեդրոն, որոնք մասնագիտացած են մարզական տարբեր ոճերու մէջ, ուր մասնակիցները եւ ներկաները իրենց մօտ պիտի ունենան նորագոյն արտադրութիւնները:
Մրցումները պիտի ընդգրկեն 6 մրցելու ոճեր` վազելու շրջավազք, եւ մանաւանդ մասեր մարզաձեւերու, ինչպէս նաեւ երաժշտութեան բաժին մը եւ զբաղումի ու ժամանցի բաժիններ, ինչպէս նաեւ ճաշի յատուկ բաժիններ: