Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ղազիր Հարիս

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Ահտի դաշտին վրայ, Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանին գծով իր 2-րդ մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Ղատիր Հարիսի դէմ:

Անցեալ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պէյրութ իր առաջին մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Սաֆա Շուէյֆաթը, մինչ Ղատիր Հարիս 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Պեքայի ախոյեան Նասր Քամետ Լոզ խումբը:

Այսօրուան մրցումը շատ կարեւոր կը նկատուի, մանաւանդ որ յաղթանակ մը մեծ քայլ պիտի ըլլայ դէպի Գ. դասակարգ, եւ տղաքը պէտք է իրենց առաւելագոյնը կատարեն դաշտին վրայ: 90 վայրկեան պայքարով է միայն, որ նպատակը կ՛իրականանայ: Համակիրներէն կը սպասուի մեծ թիւով ներկայանալ դաշտ` քաջալերելու համար տղաքը:

Շատ կարեւոր է դաշտին կեդրոնը լաւ ձեւով պայքարիլ: Խմբապետ Աւագ Պալապանեանի գլխաւորութեամբ տղաքը պէտք է իրար օգնեն կարճ փոխանցումներով, 1-2-ներով, եւ օգտուին ստեղծուած առիթներէն` յաղթելու համար այս շատ կարեւոր մրցումը:

Այս մրցումէն ժամ մը ետք, Արապի Ռիատի (Աքքար), որ իր կարգին 3 կէտ ունի, պիտի մրցի Սաֆա Շուէյֆաթի դէմ, իսկ Նասր Քամետ Լոզ պիտի մրցի Շապապ Սաքաֆի Հերի խումբին դէմ:

Leave a Comment