Վերջերս ճատրակի Հայաստանի հաւաքականի նախկին անդամ, որ այդ Միացեալ Նահանգներու հաւաքականը կը ներկայացնէ, 43 տարեկան Լեւոն Արոնեան հարցազրոյցի մը ընթացքին գնահատած էր իր ճատրակի ասպարէզը:
«Ես բացարձակապէս յուսախաբ չեմ եղած իմ ասպարէզիս գծով: Ես երբեք ինքզինքս այդքան բարձր չեմ գնահատած իբրեւ ճատրակի վարպետ: Բնական է, որ տաղանդ ունիմ, եւ ճատրակի իմ ընկալումովս աշխարհի շատ ախոյեաններէ աւելի լաւ եմ: Բայց պէտք է ընդունիմ, որ մինչեւ թիւ 2 դիրքին հասնիլս ինծի համար արդէն հրաշք էր, որովհետեւ ճատրակի իմ գիտելիքներս նախապէս շատ աւելի վատ էին: Անընդհատ նպատակներ դնելը երբեմն կրնայ աւելորդ ճնշում յառաջացնել:
Կը կարծեմ, որ աւելի լաւ է պարզապէս վայելել եւ գնահատել այն, ինչ որ ունիս», ըսած է Արոնեան:
«Թայմզ օֆ Ինտիա» պարբերականը կը գրէ, որ ճատրակի իսկական պատմական վարպետ Արոնեանը 18 տարեկանին հասաւ մեծ վարպետի կոչման, այնուհետեւ նուաճեց Օլիմփիատայի երեք ոսկի մետալ, 2005-ին` աշխարհի բաժակը, 2009-ին` արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը, իսկ 2010-ին` կայծակնային ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Ան 2014-ին հասաւ 2830 կէտերու մրցանիշին` դառնալով իր սերունդի ամէնէն ուժեղ ճատրակի վարպետներէն մէկը: