«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Նափոլի – Արսենալ Եւ Լիվըրփուլ – Աթլեթիքօ Մատրիտ

Այսօր տեղի կ՛ունենան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի երկրորդ օրուան մրցումները:

Երկու անգլիական խումբեր բաւական դժուար մրցակիցներ պիտի ունենան:

Անցեալ տարուան «Չեմփիընզ լիկ»-ի փոխախոյեանը` Արսենալ, բաւական դժուար մրցում մը պիտի կատարէ Իտալիոյ հարաւը գտնուող Նափոլիի դաշտին վրայ, մինչ 6 անգամ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Սպանիոյ մայրաքաղաքի Աթլեթիքօ Մատրիտը:

Վերջին երկու տարիներու տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի հիւրընկալէ Սլովաքիոյ ախոյեան Սլովան Պրաթիսլաւան, որուն մաս կը կազմէ Տիգրան Բարսեղեան:

Եւրոպայի լաւագոյն ակումբներէն` Պարսելոնա, Քաթալոնիոյ մէջ պիտի հիւրընկալէ Ֆեյենուրտ Ռոթերտամը:

Leave a Comment