Կրտսեր Ռոնալտ Քուման 2 Փենալթի Նշանակեց

Կրտսեր Ռոնալտ Քուման բերդապահ մըն է Նետերլանտներու առաջին դասակարգի թելսթար ակումբին հետ: Նախկին պատմական յետսապահին զաւակը 2 կոլ նշանակեց անցեալ շաբաթավերջին` պատմութիւն կերտելով:

Թելսթար 2-0 արդիւնքով ետ կը մնար Քամպուրի դէմ մրցումին: 63-րդ վայրկեանին բերդապահ Քուման յաջողութեամբ նշանակեց փենալթիով կոլ մը: 101-րդ վայրկեանին ան կրցաւ իր հանդարտութիւնը պահել` նշանակելով 2-րդ փենալթի մը, եւ վազեց դէպի թրիպիւններ` տօնելու կոլը: Նետերլանտներու առաջին դասակարգի պատմութեան ընթացքին ոչ մէկ բերդապահ 2 կոլ կրցած էր նշանակել մինչեւ օրս:

31 տարեկան բերդապահը անցեալ տարեշրջանին ալ յաջողութեամբ նշանակած էր փենալթի մը (Վոլենտամի դէմ)` ապահովելով ակումբին առաջին դասակարգ մնալը:

Անցեալ տարեշրջանին Քումանի հետ Թելսթար 47 տարիներ ետք կրցած էր վերադառնալ առաջին դասակարգ:

«Վստահաբար շատ ուրախ եմ: Ես պարզապէս լաւ փենալթիներ կրնամ նշանակել եւ ինքնավստահ եմ… կասկած չկայ: Գիտենք ինչպէս կ՛ըլլայ: Կը փորձեն հետդ խօսիլ` կեդրոնացումդ խանգարելու համար: Լաւ է, որ առիթ տրուեցաւ այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնելու: Նոյն անկիւնէն հարուածեցի, կրնայ ըլլալ, որ պէտք է փոխեմ այդ մէկը: Բայց եթէ ուժգին է հարուածը, ոչ մէկը կրնայ զսպել զայն», ըսաւ Քուման:

Թելսթար ինքզինք բախտաւոր պէտք է զգայ, մանաւանդ որ 22-րդ վայրկեանէն անոնք ստիպուած էին 10 մարզիկներով շարունակել մրցումը, երբ Նոքվի Թորիսոն կարմիր քարտ ստացաւ: Կիսախաղէն ետք, Քամպուր 2 արագ յաջորդական կոլեր նշանակեց Ռաֆիք Արկիուիի եւ Նիքոլա Պինտըրի շնորհիւ: Ատիկա բաւարար չէր յաղթելու, մանաւանդ որ Քուման կեդրոնացած ձեւով յաջողեցաւ 2 փենալթիներ նշանակել:

Քումանի հայրը կը նկատուի Նետերլանտներու պատմութեան լաւագոյն մարզիկներէն մէկը: Ան իբրեւ ֆութպոլիստ կրցած էր շահիլ 1988-ի Եուրոն:

Ան անցեալ Մոնտիալին իբրեւ մարզիչ կը գլխաւորէր Նետերլանտներու ազգային խումբը: Մարոքէն պարտութիւն կրելէ ետք, 63 տարեկան Քուման հրաժարած էր:

 

 

Leave a Comment