Տիմիթրի Սելիուքի Անունը Կը Շարունակէ Մնալ Հայկական Ֆութպոլին Մէջ

Տիմիթրի Սելիուքի անունը անգամ մը եւս յայտնուեցաւ հայկական ֆութպոլին մէջ:

Փիւնիկի գլխաւոր մարզիչ Արտակ Օսէեանի հետ հրապարակային վիճաբանութենէ ետք, հայկական ակումբը խզեց իր պայմանագրութիւնը մարզիչին հետ:

Ինք` Սելիուք, առաջին անգամ չէ, որ այս իրավիճակներուն մէջ կը յայտնուի: Վերջին տասնամեակին ֆութպոլի գործակալը բազմիցս դարձած է հայ ֆութպոլիստներու հետ կապուած աղմկայարոյց պատմութիւններու մասնակից:

Անոր անունը կապուած է Հենրիխ Մխիթարեանի, Արաս Օզպիլիսի, Մարքոս Պիցցելլիի եւ այլ ֆութպոլիստներու ասպարէզներուն հետ, սակայն բազմաթիւ համագործակցութիւններ ուղեկցած են հրապարակային վէճերով, փոխադարձ մեղադրանքներով եւ աղմկայարոյց յայտարարութիւններով:

2026-ին Սելիուք վերադարձած էր հայկական ֆութպոլ` իբրեւ Փիւնիկի գլխաւոր մարզական տնօրէն եւ խորհրդական: Ատկէ անմիջապէս ետք, ակումբին շուրջ յառաջացաւ ոչ շատ լաւ մթնոլորտ մը` կապուած փոխանցումներու քաղաքականութեան եւ գլխաւոր մարզիչի լիազօրութիւններուն հետ:

Սակայն Սելիուքի հակասական յարաբերութիւններու պատմութիւնը հայկական ֆութպոլին հետ սկսած է շատ աւելի առաջ:

Անոր ասպարէզի ամէնէն յայտնի պատմութիւնը կը շարունակէ մնալ Հենրիխ Մխիթարեանի հետ համագործակցութիւնը:

Սելիուք բազմիցս յայտարարած է, որ ինք կարեւոր դեր ունեցած է երիտասարդ (օրին) հայ միջնապահի նախ Մեթալուրկ, ապա Շախթիոր փոխանցումներուն մէջ:

Գործակալին համաձայն, ինք համոզած էր Մեթալուրկի սեփականատէր Օլեկ Մկրտչեանը պայմանագիր կնքելու Մխիթարեանի հետ, իսկ աւելի ուշ` Ռինաթ Ախմետովի Շախթիոր փոխանցման համար աշխատած:

«Մխիթարեանը ես բերի Շախթիոր: Մկրտչեան ինծի կը հարցնէր` բերե՞մ Մխիթարեանը, թէ՞ ոչ: Յետոյ ես միջնորդեցի անոր եւ Ախմետովի միջեւ, որպէսզի Հենրիխը տեղափոխուի Շախթիոր», ըսաւ Սելիուք:

Արդէն Շախթիորի հետ անցուցած ժամանակը վճռական եղաւ Մխիթարեանի համար իր ասպարէզի փայլուն օրերուն: Հայ ֆութպոլիստը եղաւ խումբին լաւագոյն մարզիկներէն մէկը, նուաճեց Ուքրանիոյ ախոյեանութիւնը եւ գրաւեց Եւրոպայի լաւագոյն ակումբներուն ուշադրութիւնը` «Չեմփիընզ լիկ»-ի փայլուն ելոյթներէն ետք:

Սակայն Մխիթարեանի եւ մելիուքի համագործակցութիւնը վերջ գտաւ: Վերջինս կը պնդէ, որ հայ ֆութպոլիստին եւ անոր ընտանիքին վրայ ճնշում բանեցուած է` համագործակցութեան աւարտին պատճառ դառնալով:

Սելիուք նաեւ յայտարարած է, որ Մխիթարեան կարելիութիւն ունէր «Փրեմիեր լիկ» տեղափոխուելու եւ ոչ թէ Տորթմունտ:

«Եթէ ես շարունակէի անոր հետ աշխատիլ, ան կը միանար Լիվըրփուլին: Ես ամէն ինչ համաձայնեցուցած էի», աւելցուց ան:

Աւելի ուշ, Սելիուք բազմիցս նշած էր այդ դէպքը` հաստատելով մարզիկին վրայ բանեցուած ծանր ճնշումներուն պատճառը:

Մխիթարեան հրապարակային կերպով մանրամասն չէ մեկնաբանած Սելիուքի հետ հարցերը եւ ոչ ալ հաստատած է անոր պատմութեան տարբերակը:

Արաս Օզպիլիսի հետ աղմկայարոյց պատմութիւն մը եւս ունեցած է Սելիուք: Վերջինս կը պնդէ, որ մասնակցած է միջնապահին տեղափոխութեան` Այաքսէն Կուպան, եւ ծրագրած է անոր օգնել կատարելու անոր յաջորդ քայլը` եւրոպական ասպարէզին մէջ:

Սակայն Օզպիլիս 2013-ի ամրան դարձաւ Սպարտակ Մոսկուայի մարզիկ: Աւելի ուշ, Սելիուք յայտարարեց, որ փոխանցման իրավիճակը չէր զարգացած ինչպէս որ ծրագրած էր` խօսելով աւելի շահաբեր առաջարկներու մասին:

«Կուպան Մոնաքոյէն 6 միլիոն եւրոյի առաջարկ ունէր, իսկ Մեթալիսթէն` 8 միլիոն: Եւ յանկարծ Սպարտակ եւ 2 միլիոն եւրօ…»:

Քանի մը տարի ետք հարցը վէճի փոխուեցաւ, մանաւանդ երբ Օզպիլիս միացաւ Թուրքիոյ Պեշիքթաշին:

«Ան պիտի համբուրէր Պեշիքթաշի տարազը եւ պիտի խաղար Հայաստանի ազգային խումբին հետ: Ասիկա մաքուր մարմնավաճառութիւն է», ըսած էր Սէլիուք: Այս արտայայտութիւնը մեծ աղմուկ յառաջացուցած էր հայ համակիրներուն մօտ, մինչ ֆութպոլիստը շատ կարծր ձեւով պատասխանած էր. «Եթէ նման բան իրապէս ըսած է, ուրեմն Սելիուք յիմար մըն է»:

Ֆութպոլիստը օրին յայտնած էր, որ Հայաստանի հաւաքականը ընտրելը գումարը չէր: Եթէ ատիկա ճիշդ ըլլար, ան կ՛ընտրէր Նետերլանտներու ազգային խումբը:

Այժմ Օզպիլիս կ՛աշխատի Ուրարտու ակումբին հետ` գլխաւորելով ակումբին երկրորդ խումբը: Ան նախապէս աշխատած էր Փիւնիկի հետ:

եւ 6-3

Leave a Comment