Այս հինգշաբթի, Ահտի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Ղատիր Հարիս խումբին դէմ, Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի իր 2-րդ մրցումին:
Առաջին մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Սաֆա Շուէյֆաթը, ՀՄԸՄ-ի տղաքը պիտի փորձեն յաղթանակ մը եւս ձեռք ձգել, աւելի դժուար մրցումներէ առաջ:
Իրականութեան մէջ, դիւրին կամ դժուար մրցակից չկայ, եւ ֆութպոլի մէջ պէտք է 90 վայրկեան պայքարիս, քիչ սխալ գործես եւ առիթներէն օգտուիս յաղթելու համար մրցում մը:
Շատ անգամ պատահած է, որ «տկար» սեպուած խումբ մը անակնկալ ստեղծած է` աւելի զօրաւոր մրցակիցի մը յաղթելով:
Ամէն մրցում իր պարագաները ունի, բայց ՀՄԸՄ-ի տղաքը անպայման պիտի փորձեն մրցում առ մրցում իրենց կարելին ընել 3 կէտեր շահելու համար:
Այս հինգշաբթի հարաւի շրջանի Ղատիր Հարիսն է մրցակիցը, իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութի ախոյեանն է, եւ անպայման պէտք է ախոյեանի մակարդակով ելոյթ ցուցաբերեն տղաքը` 3 կէտ շահելու համար: