Պասքեթպոլ. Եուրա Մելիքեան Միացաւ Պալքան Խումբին

20 տարեկան հայ սենթըր Եուրա Մելիքեան պասքեթպոլի իր ասպարէզը պիտի շարունակէ Պուլկարիոյ ախոյեանութեան մէջ:

Պասքեթպոլիստը պայմանագիր կնքած է ախոյեան Պալքանի հետ: Ամրան Մելիքեան ընտրուած էր «Ռիօ Կրանտէ Վալի Վայփըրզ» խումբին կողմէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Ճի. Լիկ»-ի տրաֆթէն, սակայն ամերիկեան խումբին հետ պայմանագիր չէր կնքած: Անոր փոխարէն, հայ մարզիկը իր ասպարէզը կը շարունակէ Եւրոպայի մէջ:

Այս տարեշրջանին Պալքան հանդէս կու գայ «Եուրօ Քափ» մրցաշարքին, ուր խմբային փուլին մէջ պիտի մրցի յունական ՓԱՕՔ-ի, սպանական Մանրեսայի եւ գերմանական Ուլմի դէմ:

Պուլկարական ակումբին հետ իր առաջին մրցումը յաջող անցած էր: Բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Մելիքեան 13 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգած էր` ապահովելով տապըլ-տապըլ, ընդամէնը 13 վայրկեաններու ընթացքին:

Անցեալ տարեշրջանը Մելիքեան անցուցած էր երկու տարբեր եւրոպական ակումբներու հետ: Ան առաջին բաժինը անցուցած էր Լաթվիոյ Լաթվիաս Ունիվերսիթաթէ ակումբին հետ, ուր 12 մրցումներու ընթացքին միջին հաշուով նշանակած էր 8,2 կէտ եւ ձեռք ձգած էր 7,8 ռիպաունտ 24 վայրկեաններու ընթացքին:

Երկրորդ բաժինին ան միացած էր զուիցերիական Սթարուինկզ խումբին, ուր 16 մրցումներ կատարած էր, միջին հաշուով 11,2 կէտ նշանակած եւ 6,6 ռիպաունտ ձեռք ձգած էր 21 վայրկեաններու ընթացքին:

Հոկտեմբերին Եուրա 21 տարեկան կը դառնայ: Ան 2 մեթր հասակ ունի եւ կրնայ խաղալ ֆորուըրտ դիրքի վրայ ալ: Ան Հայաստանի մէջ սկսելէ ետք իր ասպարէզը արդէն իսկ 2 տարիէ ի վեր օտար երկիրներու մէջ ելոյթ կ՛ունենայ` յառաջդիմութիւն արձանագրելով եւ մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգելով:

 

Leave a Comment