Յորդանանի նախարարաց խորհուրդը հաւանութիւն տուաւ Լիբանանին Սուրիոյ ճամբով յորդանանեան ենթակառոյցներու միջոցով բնական կազ մատակարարելու անհրաժեշտ համաձայնութիւններուն` Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան արտադրութեան աջակցելու եւ Յորդանանի` իբրեւ ուժանիւթի փոխանակման շրջանային կեդրոն դիրքի ամրապնդման համար:
Յորդանանի պետական լրատու գործակալութեան` «Փեթրա»-ի համաձայն, Լիբանանին բնական կազ պիտի տրամադրուի Աքապայի նաւահանգիստին մէջ կանգ առած նաւու ճամբով` գործակցելով սուրիական կողմին հետ:
«Մամլաքա Ուրտունիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ նշեալ մեքանիզմին համաձայն, Յորդանան հեղուկ բնական կազ պիտի ներածէ, ապա զայն կազային վիճակի մէջ փոխանցէ երկրի հարաւէն հիւսիս երկարող խողովակաշարի ճամբով, ապա զայն Սուրիայէն անցընելով պիտի հասցնէ Լիբանան:
Կազը նախատեսուած է Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան արտադրութեան համար օգտագործման նպատակով, ինչ որ Պէյրութին լրացուցիչ կարելիութիւն պիտի տայ իր ելեկտրակայաններուն համար վառելանիւթ ձեռք բերելու:
Մինչեւ հիմա հրապարակուած պաշտօնական տեղեկատուութիւնը մատակարարուող կազի քանակի, պայմանագիրի արժէքի կամ մատակարարումները սկսելու ժամկէտներու վերաբերեալ մանրամասնութիւններ չի ներառեր: