Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ վեց եպիսկոպոսներուն առնչուող քրէական գործը վերստին ուղարկուած է Արմաւիրի մարզի դատարան:
Վճռաբեկ դատարանը մասնաւորապէս որոշած է, որ քրէական վարոյթը պէտք է քննուի Արմաւիրի մարզի առաջին ատեանի դատարանին մէջ:
«Վճռաբեկ դատարանի քրէական պալատը արձանագրած է, որ Արմաւիրի մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին կողմէ քրէական վարոյթը Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարան փոխանցելով, դատարանը դրսեւորած է բացառապէս ենթակայական եւ ձեւական մօտեցում` առանց առարկայական նախադրեալներու նախաձեռնելով ընդդատութեան վէճ ու անհարկի դատական շրջապտոյտ, անով իսկ յառաջացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ ու Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան մասին եւրոպական հռչակագիրով երաշխաւորուած` ողջմիտ ժամկէտի մէջ գործի քննութեան եւ անկէ ածանցուող իրաւունքներու խախտման վտանգ», նշուած է Վճռաբեկ ատեանի յայտարարութեան մէջ:
Բարձրագոյն դատական խորհուրդէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուցին, որ գործը պիտի քննէ դատաւոր Սերժ Ռուշանեանը, որ անգամ մը գործը ուղարկած էր Երեւան: Երեւանի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի դատաւոր Վահագն Մելիքեանն ալ դիմած էր Վճռաբեկ դատարան` վարոյթի տարածքային ընդդատութեան հարցը վճռելու համար: