Արսէն Բեգլարեան Կը Կատակէ Այվազովի Զսպած Փենալթիներուն Գծով

Հայաստանի ազգային խումբի բերդապահ Արսէն Բեգլարեան կատակով արձագանգած է Նոայի դէմ մրցումին Գանձասարի բերդապահ Անաթոլի Այվազովի փայլուն ելոյթին ընթացքին 2 փենալթիներ զսպելու քայլին:

«14 վայրկեաններու ընթացքին երկու փենալթիներ զսպեց, բան մը, որ եւս 14 տարուան ընթացքին կատարած եմ…», կատակեց Բեգլարեան:

Երկրորդ կիսախաղին, երբ արդիւնքը 2-2 էր, Այվազով զսպեց Էլտեր Ֆերէյրայի փենալթին, ապա զսպեց նաեւ Գոռ Մանուէլեանի փենալթին:

Գանձասար չկրցաւ հաւասարութեամբ աւարտել մրցումը, եւ 98-րդ վայրկեանին Մանուէլեան նշանակեց Նոայի յաղթանակի կոլը:

Ըստ «Թրանսֆէրմարքեթ» կայքին, Արսէն Բեգլարեան իր ամբողջ արհեստավարժ ասպարէզին 3 փենալթիներ զսպած է: Անոնցմէ մէկը ազգային խումբի շապիկով էր Դանիոյ դէմ` Քրիսթիան Էրիքսենի փենալթին զսպելով:

Ան Կրասնոտարի երիտասարդական խումբին հետ զսպած է նաեւ 2 փենալթիներ:

Մինչեւ Նոայի դէմ հանդիպումը Այվազով իր կարգին ետ մղած էր երկու փենալթիներ: 2017-ին ան զսպած էր Վարդան Պօղոսեանի հարուածը, իսկ 2024-ին Յովհաննէս Յարութիւնեանին փենալթին:

Այս ձեւով Այվազով մէկ մրցումի ընթացքին կրկնապատկեց իր ասպարէզի ընթացքին զսպած փենալթիներուն թիւը:

 

 

Leave a Comment