Եւրոպական յանձնաժողովի բանբեր Փաուլա Փինիոն մերժած է հաստատել, որ Եւրոպական Միութեան ու Հայաստանի միջեւ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը պիտի ներդրուի մինչեւ 2029 թուական: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»:
«Չափազանց կանուխ է կանխատեսելու, թէ արդեօք 2029 թուականը կամ մէկ այլ թուական պիտի ըլլայ մուտքի արտօնագիրի ազատականացման պահը: Ես կ՛ըսէի, թէ այդպէս ալ է, տակաւին շատ կանուխ է նման ճշգրտութեան համար», Պրիւքսելի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Եւրոպական յանձնաժողովի բանբեր Փաուլա Փինիոն:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ մինչեւ 2029 թուական Եւրոպական Միութեան հետ մուտքի արտօնագիրի դրութեան ազատականացումը կ՛ակնկալէ: