Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Պիլալ Ապտալլա յայտնեց. «Մենք բանակցութիւններուն ու Լիբանանի գերիշխան իրաւունքի պահպանման հետ ենք, սակայն իսրայէլեան յարձակումի շարունակումը, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ անոր դաշնակիցներուն, ներառեալ Հըզպալլայի յարձակումները ժխտական արդիւնքներու պիտի յանգեցնեն»:
«Մենք չենք կրնար ընդունիլ, որ Լիբանանը բանակցութիւններուն մէջ տկար է, ուստի թշնամիին ըսենք` «հրամմէ՛», շեշտեց ան:
«Լիբանանեան ճակատը իրանեանէն անջատելը գրեթէ անկարելի է, եւ Հըզպալլան իր զէնքը ամերիկեան-իրանեան համաձայնութենէն առաջ պիտի չյանձնէ», ըսաւ երեսփոխանը:
«Իսրայէլ կ՛ուզէ լիբանանցիներուն ու լիբանանեան բանակին միջեւ ներքին խնդիր ստեղծել», նշեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամը:
«Զէնքի յանձնման վերաբերեալ որոշումը տրուեցաւ, սակայն անոր գործադրութեան ձեւը յստակ չէ», նշեց Ապտալլա: