Ամմար. «Դիմադրութեան Լեզուն Իսրայէլացի Թշնամիին Հասկցած Միակ Լեզուն Է»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար շեշտեց. «Կ՛անցնինք բարդ ճգնաժամէ մը, որ միակողմանի չէ, այլ` բազմակողմանի: Երկիրը կ՛ապրի քաղաքական ճգնաժամ` քաղաքական իշխանութեան փտածութեան եւ Միացեալ Նահանգներու վրայ յոյս դնելու չափազանցութեան պատճառով, ինչ որ թշնամիին վրայ յոյս դնել է:

«Մենք նաեւ կ՛անցնինք ընկերային-տնտեսական ճգնաժամի փուլէ մը` ապրուստի պայմաններու առումով, եւ այդ ճգնաժամի յաղթահարման համար ոչինչ ունինք բացի համբերութենէն ու պայքարէն` բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը փորձեն ազգային մակարդակով արմատաւորել այս տեսակի ճգնաժամը:

«Մեծ նշանակութիւն ունի իմանալ, թէ ի՛նչ կ՛ընէ մեր ղեկավարութիւնը` կայացած որոշումներու եւ մարտահրաւէրները դիմակայելու  մակարդակներուն վրայ, սակայն ատիկա մեզմէ կը պահանջէ գիտակցութիւն ներկայ փուլի եւ անոր մարտահրաւէրներուն լրջութեան»:

«Դիմադրութեան լեզուն իսրայէլացի թշնամիին հասկցած միակ լեզուն է, եւ մեր եղբայրները այսօր, ինչպէս անցեալին, եւ ապագային, պիտի շարունակեն այս ուղիով ընթանալ, հակառակ մեր շուրջ բարձրացած աղմուկին, ոչ միայն Լիբանանի մակարդակով, այլ նաեւ աշխարհի եւ շրջանի մակարդակով:

«Բոլոր անոնք, որոնք կը հետեւին միջազգային ու շրջանային զարգացումներուն` մինչեւ ներքին զարգացումները, գիտեն, որ աշխարհը կը գտնուի մեծ երկունքի մէջ, որ շատ մեծ վերափոխումներ կը յառաջացնէ, եւ անոնք, բնականաբար, նաեւ անդրադարձ կ՛ունենան մեր բոլորիս վրայ», նշեց Ամմար:

Leave a Comment