Քիեւի մէջ ամերիկացի բանագնացներ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների հետ բանակցութիւններէն ետք, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարած է, թէ տարածքային հարցերը կրնան միայն «ղեկավարներու մակարդակով» լուծուիլ:
«Ես կ՛ուզեմ մնալ տեսակէտիս վրայ, թէ նման բարդ հարցերը կրնան լուծուիլ միայն ղեկավարներու մակարդակով», ըսած է Զելենսքի, որ նախապէս կոչ ուղղած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպելու:
Զելենսքի եւ Ուիթքոֆ Քիեւի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները բնութագրած են իբրեւ «բովանդակալից»:
Ուքրանիոյ նախագահը լրագրողներուն յայտնած է, թէ կողմերը, այլ հարցերու շարքին, քննարկած են նաեւ Քիեւի անվտանգութեան ու տնտեսական երաշխիքները, հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու մատակարարումները, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ աջակցութեան թղթածրարը:
Ուիթքոֆ միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, թէ Միացեալ Նահանգները կը ձգտին հակամարտութիւնը լուծելու դիւանագիտական ճամբով եւ ոչ թէ զինուորական ուժի կիրարկման միջոցով: Մինչդեռ Քուշներ այդ տպաւորութիւնը ստեղծած է, թէ կ՛աջակցի Զելենսքիի` Քիեւի, Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ եռակողմ բանակցութիւնները վերսկսելու կոչին:
Փեսքով. «Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Խաղաղութեան Բանակցութիւններու Շարունակումը Չենք Բացառեր»
Քրեմլին յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու շարունակումը չի բացառեր` նշելով. «Տակաւին կանուխ է այդ բանակցութիւններուն թուականն ու վայրը ճշդելու համար»:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով այս մասին յայտարարեց` պատասխանելով ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու բանակցութիւնները վերակենդանացնելու նպատակով Մոսկուա եւ Քիեւ տուած այցելութեան մասին հարցումի մը:
Պատասխանելով խաղաղութեան եռակողմ բանակցութիւններու շարունակութեան կարելիութեան մասին հարցումի մը` ան ըսաւ. «Իսկ ինչ կը վերաբերի եռակողմ ձեւաչափի շարունակման, լսեցիք այն հաղորդագրութիւնը, որ Քիեւ երէկ հրապարակեց: Պարոն Քուշներ եւս այդպիսի յայտարարութիւններ կատարեց: Մենք եւս չենք բացառեր այս եռակողմ ձեւաչափը, սակայն ճշգրիտ վայրի եւ թուականի մասին խօսելու համար կանուխ է»:
«Անկասկած, որեւէ փորձ… դէպի խաղաղութիւն փոքր քայլ կը ներկայացնէ, եւ մենք մեծապէս կը գնահատենք խաղաղութեան կառուցման համար ամերիկացի բանագնացներուն թափած ջանքերը», աւելցուց ան:
«Փութին անձամբ ըսաւ, թէ մեծապէս կը գնահատէ Թրամփի ջանքերը եւ երախտապարտ է նախագահ Թրամփին` դէպի խաղաղութիւն այս հոլովոյթին անոր յանձնառութեան համար», ըսաւ Քրեմլինի բանբերը:
Փեսքով յայտնեց, որ Մոսկուան տակաւին Քիեւի մէջ ամերիկացի պատուիրակներուն եւ ուքրանացի պաշտօնատարներու միջեւ հաղորդակցութիւններու մասին որեւէ տեղեկութիւն չէ ստացած:
Ըստ Ֆրանսայի նախագահական պալատին, ամերիկացի պատուիրակներ Ուիթքոֆն ու Քուշները Քիեւին յայտնած են, թէ Ռուսիան պատրաստ է բանակցելու: