Ֆութսալ. Ռամիրօ Մարթին Միացաւ Հայաստանի Հաւաքականին

Հայաստանի ֆութսալի հաւաքականը ուսումնամարզական հաւաք պիտի կատարէ Մոլտովայի մէջ, ուր պիտի կատարէ նաեւ 2 բարեկամական փորձ մրցումներ:

Այս հաւաքը ազգային խումբին համար նախապատրաստութեան մէկ մասն է` 2028-ին տեղի ունենալիք Մոնտիալի զտումի մրցումներէն առաջ:

Ազգային խումբին համար հրաւէր ստացած է Ռամիրօ Մարթին, որ մաս կը կազմէ արժանթինեան Փրիմերա Խունթա ակումբին: Մարթին իր մօր կողմէն հայկական արմատներ ունի: Այս հրաւէրի մասին հաղորդած էր արժանթինեան ակումբի մամլոյ ծառայութիւնը:

Արժանթինէն հանդէս կու գայ նաեւ հայկական ծագում ունեցող մարզիկ մը եւս` Անդրանիկ Մորոյեան: 18 տարեկան Մորոյեան, որ մաս կը կազմէ Քիմպերլի ակումբին, հրաւիրուած է Արժանթինի 20 տարեկանէն վար ազգային խումբ:

Անցեալ տարի Մորոյեան Արժանթինի ազգային խումբին հետ կրցած էր շահիլ 17 տարեկանէն վար «Քոփա Ամերիքա»-ն` դառնալով մրցաշարքի լաւագոյն կոլ-սքոըրը: Տակաւին յայտնի չէ, թէ Անդրանիկ կը փափաքի՞ ապագային Հայաստանի ազգային խումբին մաս կազմել, թէ՞ ոչ:

Մոնտիալի զտումի մրցումներուն Հայաստանի հաւաքականը մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, ուր մրցակիցներ պիտի ունենայ Հունգարիոյ եւ Շուէտի հաւաքականները:

Զտումի առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, Հունգարիոյ դէմ (20 հոկտեմբերին):

Ստորեւ` յայտագիրը.

15 հոկտեմբեր – Հունգարիա – Շուէտ
20 հոկտեմբեր – Հայաստան – Հունգարիա
7 նոյեմբեր – Շուէտ – Հայաստան
9 դեկտեմբեր – Հայաստան – Շուէտ
27 փետրուար 2027 – Շուէտ – Հունգարիա
3 մարտ – Հունգարիա – Հայաստան

 

Leave a Comment