Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միացեալ պատուիրակութիւնը այցելեց Սիւնիք` տեղւոյն համայնքներուն հետ քննարկելու «Թրամփի ուղի» ծրագիրը եւ շրջանային տնտեսական կարելիութիւնները:
Հայաստանի արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարարութեան ներկայացուցիչներուն հետ Սիւնիք այցելեցին Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենը, արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքականութեան ծրագրաւորման հարցերու աւագ խորհրդական Ճոն Ասքոնասը եւ ամերիկացի այլ պաշտօնատարներ:
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան համաձայն, հանրային հանդիպումներ տեղի ունեցան Գորիսի, Մեղրիի եւ Կապանի մէջ: «Մասնակիցներ անմիջականօրէն հայ եւ ամերիկացի պաշտօնատարներէն լսեցին «Թրամփի ուղի»-ի ընթացքին եւ ընթացիկ թեքնիք-տնտեսական աշխատանքներուն մասին, անդրադարձան բնակիչները յուզող հարցերուն եւ ներկայացուցին իրենց դիրքորոշումները», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
«Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տէյվիտ Ալեն ընդգծեց, որ «Թրամփի ուղի»-ն տեսլականէն կ՛անցնի իրականացման փուլ, եւ Հայաստանի մէջ արդէն ընթացքի մէջ են երկաթուղիի ճարտարապետական-թեքնիք ուսումնասիրութիւնները»:
Այցելութեան ընթացքին հաւատարմատար Ալեն ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ` միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ, եւ կարեւոր նկատեց այս ուղիի ներուժը` ստեղծելու աշխատատեղեր, ներգրաւելու ներդրումներ, բարելաւելու փոխկապակցուածութիւնը եւ ապահովելու շօշափելի տնտեսական օգուտներ Հայաստանի բոլոր համայնքներուն, մասնաւորաբար` Սիւնիքի համար: