Ըստ Մոսկուայի. «Թրամփի Ուղի»-ն Իրանի Սահմանին Մօտ Ամերիկեան Զինուորական Ներկայութեան Առիթ Պիտի Տայ

Հայաստանի մէջ «Թրամփի ուղի»-ի նախագիծի իրականացումը առիթ պիտի տայ Միացեալ Նահանգներու ռազմական ենթակառուցուածք տեղակայելու անմիջապէս Իրանի սահմանին մօտ: Այս յայտարարութիւնը կատարեց Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալ Ալեքսէյ Շեւցով:

«ՌԻԱ Նովոսթի»-ի համաձայն, ան ըսաւ, որ այս ուղին կարելիութիւն պիտի տայ ամերիկացիներուն տեղակայել իրենց զօրքերը կամ մասնաւոր ռազմական ընկերութիւնները, հետախուզական ենթակառուցուածքը անմիջապէս Հայաստանի տարածքին մէջ եւ Իրանի սահմանի անմիջական մերձակայքը:

 

Leave a Comment