Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն դատապարտեց Նապաթիէ քաղաքին ու անոր գիւղերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումները, «որոնք պատճառեցին անմեղ զոհեր եւ մեծ վնաս պատճառեցին այնտեղ գտնուող ելեւմուտքի նախարարութեան շէնքին ու քանդեցին «Ղանտուր» հիւանդանոցը»:
«Այս թիրախաւորումը կը ներկայացնէ վտանգաւոր մագլցում մը, որ թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան ու շրջագծային համաձայնութեան իրերայաջորդ խախտումներէն անդին կ՛անցնի եւ այս անգամ կը թիրախաւորէ լիբանանեան պետական հաստատութիւններն ու պետական սպասարկութեան հաստատութիւնները, որոնք կը զբաղին քաղաքացիներու գործերով եւ անոնց կենսական շահերով, կը թիրախաւորուին նաեւ հիւանդանոց մը եւ առողջապահական կեդրոն մը», յայտարարեց Աուն:
«Պետական անվտանգութեան ծառայութեան կեդրոնին դէմ զոհեր պատճառած յարձակումէն ետք, ելեւմուտքի նախարարութեան շէնքի թիրախաւորումը կը բացայայտէ յարձակումներու շարունակական օրինաչափութիւն մը, որ ենթադրեալ զինուորական թիրախներէն կ՛անցնի զուտ քաղաքային վարչութիւններու եւ առողջապահական կեդրոններու թիրախաւորման` արտացոլացնելով լիբանանեան հաստատութիւններու աշխատանքի շարունակականութիւնը եւ մարդոց առօրեայ շահերը խաթարելու յստակ մտադրութիւն», աւելցուց ան:
Հանրապետութեան նախագահը իսրայէլեան կողմը նկատեց «այս շարունակուող մագլցումի ամբողջական պատասխանատուն»` Միացեալ Նահանգներուն ու միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղելով` «շտապ աշխատանք տանելու այս խախտումները դադրեցնելու, եւ զայն գործողները հաշուետուութեան ենթարկելու»:
«Հակառակ այս յարձակումներուն, Լիբանանը յանձնառու կը մնայ իր գերիշխանութեան, հարաւի կայունութեան ու իր քաղաքացիներու անվտանգութեան պահպանման», ըսաւ ան:
Ան ցաւակցութիւն յայտնեց «անմեղ նահատակներուն» համար եւ շուտափոյթ դարմանում մաղթեց վիրաւորներուն` վերահաստատելով «Նապաթիէ շրջանի ժողովուրդին եւ վնասուած վարչութիւններու ու հաստատութիւններու պաշտօնեաներուն իր ամբողջական զօրակցութիւնը»: