4 զոհեր եւ 20 վիրաւորներ արձանագրուեցան, երբ երէկ իսրայէլեան օդուժը Հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող շրջաններ թիրախաւորեց:
Այդ յարձակումներուն ընթացքին թիրախաւորուեցաւ Արապսալիմ գիւղին մէջ բնակելի շէնք մը, ինչպէս նաեւ Նապաթիէ Ֆաուքայի մէջ «Ղանտուր» հիւանդանոցը, որ ամբողջութեամբ քանդուեցաւ: Հիւանդանոցին վրայ յարձակումը գիւղը թիրախաւորած երկու յարձակումներէն մէկն էր:
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ հիւանդանոցին թիրախաւորումը «միջազգային մարդասիրական օրէնքի կոպիտ խախտում է»:
Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակումներ գործեց Նապաթիէ քաղաքին, ինչպէս նաեւ Նապաթիէ նահանգի Քֆարրման գիւղի մերձակայքին վրայ:
Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ Հարաւային Լիբանանի վրայ օդային յարձակումները հակադարձութիւն են Հըզպալլայի կողմէ իր ուժերուն ուղղութեամբ երկու անօդաչու թռչող սարքերու արձակման:
Իսրայէլեան բանակը հետագային ալ յայտարարեց, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ յարձակումներ գործած է Հըզպալլայի զինեալներու եւ ենթակառոյցներու վրայ: