Պըրրի. «Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ցեղասպանական Պատերազմը»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց. «Իսրայէլի լիբանանցի քաղաքայիններու` երեխաներու, կիներու եւ խաղաղ բնակիչներու արիւնը թափելը, երէկ Մայֆատունի, Ռամատիէի եւ Մայտունի մէջ, եւ այսօր արշալոյսին Արապսալիմի մէջ, Նապաթիէ Ֆաուքայի մէջ «Ղանտուր» հիւանդանոցը քանդելը եւ Նապաթիէ քաղաքին մէջ ելեւմուտքի նախարարութեան շէնքը թիրախաւորելը կու գան աւելնալու Իսրայէլի կողմէ ցեղասպանական պատերազմին, Նապաթիէ, Մարժաայուն, Պընթ Ժպէյլ եւ Սուր գաւառներուն մէջ տուներու եւ գիւղերու քանդման շարունակման վրայ: Անոնք ոճիրներ են, որոնք իրենց բնոյթով ու տարողութեամբ կը հասնին պետական ահաբեկչութեան ոճիրներու մակարդակին, դատապարտելի եւ մերժելի արարքներ են»:

«Եթէ ասիկա բան մը ցոյց կու տայ, ապա այն է, որ Իսրայէլը իր աւերիչ պատերազմը այս աննախադէպ արիւնալի ձեւով շարունակելով, անկասկած կ՛ապացուցէ, որ չէ յարգած զինադադարը եւ կը խուսափի բոլոր կանոններէն, համաձայնագիրներէն եւ փոխըմբռնումներէն:

«Ան այժմ իր բոլոր քաղաքական եւ զինուորական մակարդակներուն վրայ կը շարունակէ հարաւային Լիբանանը, անոր ժողովուրդն ու անոնց ունեցուածքը վերածել արեան քուէատուփի` յառաջիկայ ընտրապայքարին մէջ, պայքարի մը մէջ, ուր բոլորը կը մրցին, թէ ո՛վ աւելի շատ պիտի սպաննէ եւ աւելի շատ կործանէ», նշեց Պըրրի:

«Կրկին, այն, ինչ որ տեղի ունեցած է եւ տեղի կ՛ունենայ հարաւային Լիբանանի մէջ, հակառակ միջազգային պատասխանատուութիւն ըլլալուն, որ կը պահանջէ անյապաղ միջամտութիւն` Լիբանանի եւ անոր հարաւին դէմ պատերազմը դադրեցնելու համար, նաեւ ազգային պատասխանատուութիւն է, որ կը պահանջէ, որ բոլոր կողմերը կանգնին հարաւային Լիբանանի կողքին` անոր գործը նկատելով բոլոր լիբանանցիներու գործը եւ պաշտպանելով զայն իբրեւ Լիբանանի պաշտպանութիւն», ըսաւ խորհրդարանի նախագահը:

 

 

Leave a Comment