Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ յայտարարեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը պաշտօնապէս միացած է «Տնտեսական մերժուած» գործողութեան:
Ան ըսաւ, որ իր երկիրը կը գնահատէ Եւրոպական Միութիւնը անոր «ուժեղ եւ արագ» դիրքորոշման համար:
Պեսենթ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ վճռական կերպով կը կանգնին իրենց դաշնակիցներուն կողքին` երաշխաւորելու համար, որ իրանեան վարչակարգը համաշխարհային դրամական համակարգը չօգտագործէ իր հիւլէական ախորժակներն ու զէնքերու ծրագիրը ֆինանսաւորելու համար:
Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարը աւելցուց, որ աշխարհը իրանեան վարչակարգին կը յղէ յստակ պատգամ մը` «կանգ պիտի չառնենք, մինչեւ որ ելեւմտական մնացեալ բոլոր երակները կտրուին»:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս յայտնեց, որ Հորմուզի նեղուցը «գրեթէ» վերադարձած է Իրանի դէմ պատերազմէն եւ Թեհրանի կողմէ ուժանիւթի մատակարարման կենսական միջանցքի փակումէն առաջուան մակարդակին:
«Եթէ անցնող երեք ամիսներուն ընթացքին իրանեան սպառնալիքներու լոյսին տակ նեղուցէն անցնող քարիւղի եւ կազի քանակին նայինք, անիկա իրողապէս զերօ էր: Այժմ, անիկա գրեթէ վերադարձած է հակամարտութեան սկիզբէն առաջուան իրավիճակին», նշեց ան:
Վանս աւելցուց. «Իրանի դէմ օգտագործման համար բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ են, ներառեալ տնտեսական, զինուորական ու դիւանագիտական ճնշումը եւ գաղտնի գործողութիւնները»:
«Իրանի վրայ ճնշում կը բանեցնենք, որպէսզի անոր արգիլենք առեւտրական նաւերուն վրայ կրակ բանալ, եւ կը գիտակցինք, թէ պիտի շարունակեն այդ մէկը փորձել», ըսաւ ան` պնդելով. «Իրանցիները օրէ օր իրենց կարողութիւնները կը կորսնցնեն»:
Անդրադառնալով Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ ներկայ մագլցումին` Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը նշեց. «Ինչ կը վերաբերի պատերազմին ու ժամանակացոյցին, չեմ կարծեր, որ ներկայ կացութիւնը պատերազմ որակելը ճիշդ է»:
«Ներկայիս մեծաթիւ նաւեր կը պաշտպանենք, եւ այդ պատճառով ուժանիւթի համաշխարհային տագնապ չտեսանք», աւելցուց ան` նշելով. «Անցեալ գիշեր Հորմուզի նեղուցէն 15 միլիոն տակառ քարիւղ անցաւ»:
«Մեր տրամադրութեան տակ շատ աւելի գործիքներ ունինք, եւ նախագահը անոնցմէ մէկ քանին պիտի օգտագործէ Իրանի դէմ», աւելցուց Վանս:
«Եթէ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկումը չպաշտպանենք, որեւէ այլ կողմ ատիկա պիտի չկատարէ, եւ ուժանիւթի համաշխարհային աղէտալի տագնապ պիտի դիմագրաւենք», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Իրանի հարաւին մէջ հարսանիք մը թիրախաւորած ամերիկեան ռմբակոծման` Վանս բաւարարուեցաւ ըսելով, «հարցը կը ստուգենք»` աւելցնելով. «Իրանեան պետական լրատուամիջոցները մինչեւ հիմա այս հակամարտութեան մէջ տեղի ունեցողին հաւաստի փոխանցող մը չէին, ուստի այդ առնչութեամբ չափազանց կը կասկածիմ»:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը նշեց, որ Ազրպէյճանը, Թուրքիան ու Արաբական ծոցի շարք մը երկիրներ Ուաշինկթընին կ՛օգնեն Իրանը նաւերու գնդակոծման համար պատժելու:
Ըստ Վանսի, խօսքը կը վերաբերի ոչ միայն Ազրպէյճանին, այլ նաեւ Թուրքիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարին, ինչպէս նաեւ Արաբական ծոցի այլ երկիրներու:
Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը` յղում կատարելով աղբիւրներու, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները չեն մտածեր Իրանի հետ հակամարտութեան փոխըմբռնման յուշագիրի միջոցով կարգաւորման մասին:
Օրաթերթին տուեալներով` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը կը ծրագրէ յուշագիրի փոխարէն կնքել «աւելի համապարփակ համաձայնագիր», որ պիտի ներառէ կէտեր ոչ միայն Հորմուզի նեղուցին, այլ նաեւ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ:
Պարբերականը նաեւ կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններ չեն ընթանար: Սակայն, անանուն դիւանագէտներու համաձայն, միջնորդները Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ «կապի ուղիները բաց ձգած են» եւ կը փորձեն նոր համաձայնագիրի համար «հիմք ստեղծել»: