Ատուան. «Արգելք Չկայ Սահմանի Վերականգնման Ու Պետութեան Ոտքի Կանգնելուն Շուրջ Փոխըմբռնման Ծիրին Մէջ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքին Վերջ Տալուն»

Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ժորժ Ատուան նշեց. «Այսօր փապուղիի վերջաւորութեան կը հասնինք շնորհիւ հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին: Ասիկա առաջին անգամն է, որ պետութիւնը կը վճռէ յանուն Լիբանանի խօսիլ,  այլ պետութիւններ մեր երկրին անունով խօսելու փոխարէն»:

«Ալի Թահեր բարձունքներուն վերահսկողութեան մասին խօսակցութիւնները կարիքը ունին ստուգման, որպէսզի գետնի վրայ իրողութիւնները տեսնենք», ըսաւ երեսփոխանը:

«Արգելք չկայ սահմանի վերականգնման ու պետութեան ոտքի կանգնելուն շուրջ փոխըմբռնման ծիրին մէջ Իսրայէլի հետ թշնամանքին վերջ տալու», ըսաւ Ատուան:

«Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը շարժի երկու առանցքներու վրայ, որոնք են` պետութեան հետ, մասնաւորաբար ներկայ փուլին հանրապետութեան նախագահին հետ յարաբերութիւնը կանգուն պահել, եւ Հըզպալլայի հետ շիի-շիի բախում չունենալ», նշեց ան:

«Ամալ շարժումի տեսանկիւնը կուսակցութեան տեսանկիւնէն տարբեր է: Կ՛ուզենք, որ Պըրրին պետութեան բեռը թեթեւցնէ», յայտնեց Ատուան:

Leave a Comment