Հայ բռնցքամարտիկ Նայիր Մելիքեան դարձաւ Վրաստանի «Կամմա Էֆ. Սի.» կազմակերպութեան «Պետ պոյ պելթ» ախոյեանութեան գօտիի ախոյեանը` յաղթելէ ետք առանց ձեռնոցներու մենամարտին:
Տիտղոսի մենամարտին, Մելիքեանի մրցակիցը Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ Սամանդար Էնիպայեւն էր, Մենամարտը բաւական «տաք» էր եւ բուռն: Երկու մարզիկներն ալ բարձր մակարդակի ելոյթ ունեցան, եւ վերջնական յաղթանակին տիրացաւ Մելիքեան:
Մենամարտէն ետք, հայ մարզիկը յարգանքի խօսքեր ուղղեց իր մրցակիցին` ընդգծելով մարզական փոխադարձ յարգանքի կարեւորութիւնը:
«Մեծ յարգանք Ուզպեքիստանը ներկայացնող իմ մրցակիցիս:
«Ռինկին վրայ բուռն պայքար մղեցինք իսկ աւարտին ցոյց տուինք մարզական իսկական յարգանք: Ով որ կը յարգէ իմ երկիրս ու դրօշս, ես ալ կը յարգեմ զինք եւ իր դրօշը: Մարզանքը կը միաւորէ իսկական տղամարդիկը», ըսաւ Մելիքեան:
Այս մենամարտը Նայիր Մելիքեանի առաջին մեծ յաջողութիւնը չէ առանց ձեռնոցներու: Աւելի կանուխ ան դարձած էր «Կամմա»-ի առանց ձեռնոցներու կրան փրիի ախոյեան:
Մինչեւ 2023 Մելիքեան «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի արհեստավարժ մարտիկ էր, եւ անոր 16 մրցումներուն 14-ը յաղթանակներով աւարտած էին: Ան ժամանակ մը նոյնիսկ կը մտածէր «Եու. Էֆ. Սի.»-ին մաս կազմելու մասին:
2023-էն ետք ան կեդրոնացաւ հարուածային մարզաձեւերու վրայ եւ կը մասնակցի քիքպոքսինկի, բռնցքամարտի եւ առանց ձեռնոցներու մենամարտերու:
Այժմ անոր նուաճումներու շարքին է նաեւ «Կամմ Էֆ. Սի.»-ի Պետ պոյ պելթ ախոյեանութեան գօտին: