Թենիս. Խաչանով Յաղթեց, Մոնֆիս Պարտուեցաւ

«Եու. Էս. Օփըն»-ի մրցումները շարունակուեցան, եւ երէկ ռուսահայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով, որ այժմ թիւ 50 դասուած թենիսմենն է, կրցաւ Բ. հանգրուանի իր մրցումին դուրս ձգել քանատացի թիւ 3 դասուած Ֆելիքս Օժէ-Ալիասիմը` 6-7, 6-3, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով:

Նախապէս թիւ 8 թենիսմեն Խաչանով երկար ժամանակէ ի վեր լաւ մակարդակի ելոյթ չէր ունեցած եւ 2022-ին էր, որ կրցած էր հասնիլ «Եու. Էս. Օփըն»-ի կիսաւարտականի իր լաւագոյն արդիւնքին` Ֆլաշինը Մետոզի մէջ:

Միւս կողմէ, վեթերան Կայել Մոնֆիս 40 տարեկանին ելոյթ ունեցաւ իր վերջին «Եու. Էս. Օփըն»-ին եւ Բ. հանգրուանին պարտութիւն կրելէ ետք Լերներ Թիենէն դուրս մնաց:

Ֆրանսացի թենիսմենը, որ որոշած էր տարեվերջին լքել թենիսը, 6-3, 6-4 եւ 6-3 պարտուեցաւ իր կէս տարիքը ունեցող ամերիկացի Թիենէն, որ անմիջապէս ստորագրութիւնը պահանջեց Մոնֆիսէն:

«Աներեւակայելի մթնոլորտ մըն էր, Յաւելեալ ուժ կը ներշնչէիք ձեր քաջալերանքով: Միշտ կ՛ուզես աւելի տալ… կ՛ուզես աւելի խաղալ: Ես իմ ամբողջ կարելիս տուի», ըսաւ Մոնֆիս, որ համակիրներուն շնորհակալութիւն յայտնեց:

«Երկար ճամբայ էր, նշեց Մոնֆիս, որ Ռոլան Կարոսէն ետք լաւագոյն համակիրները դասեց Ֆլաշինկ Մետոզի հանդիսատեսները: «Ինծի համար պատիւ էր տարիներով հոս թենիս խաղալը: Կարելիս ըրի բարձր մակարդակ ցուցաբերելու, եւ մեծ սէր զգացի, բան մը, որ չեմ կրնար մոռնալ ամբողջ կեանքիս մէջ», աւելցուց ան:

2005-ին արհեստավարժ դարձած Մոնֆիս իր վերջին ելոյթը ունեցաւ 21 տարիներ ետք, մինչ իր առաջին ելոյթէն 2 ամիս ետք ծնած էր Թիեն:

Մոնֆիս բնաւ չէր մրցած Թիենի դէմ, բայց վերջին 30 օրերուն երկրորդ ելոյթը ունեցաւ` Մոնրէալի թենիսի մրցաշարքէն ետք:

Մոնֆիս իր առաջին հանգրուանի մրցումին յաղթելէ ետք, իր 40-րդ տարեդարձին դարձած էր ամէնէն երէց թենիսմենը, որ կը յաղթէր թենիսի մրցաշարքի մը Ճիմի Քանըրզէն ետք (1992-ին), որ իր կարգին 40-րդ տարեդարձի օրը յաղթած էր:

Եթէ Թիենին յաջողէր յաղթել, ան պիտի դառնար ամէնէն երէց թենիսմենը, որ Գ. հանգրուան պիտի հասնէր 1977-էն վերջ առաջին անգամ ըլլալով: Քեն Ռոզուոլ 42 տարեկանին յաղթանակ տարած էր մօտ կէս դար առաջ:

Ան իր կնոջ` Էլինա Սվեթոլինայի հետ խառն զոյգերու կիսաւարտականին հասաւ` կատակելով, որ ասիկա առաջին եւ վերջին անգամն էր, որ թենիս միասին պիտի խաղան:

 

Leave a Comment