Ինչպէս գիտենք, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի երեք ակմբային մրցաշարքերուն զտումներուն մրցումներու մասնակցող խումբերը որոշ նիւթական պարգեւներ ստացան, եւ ըստ «Ֆութպոլ միթց Տաթա» վերլուծական հարթակի մանրամասն տուեալներուն, հրապարակուած են բոլոր ակումբներուն ստացած գումարները:
Ընդհանուր առմամբ 54 երկիրներու 237 ակումբներու համար արդէն իսկ երաշխաւորուած է 2,217 միլիառ եւրօ:
Ուշագրաւ է Հայաստանի ցուցանիշը: Ըստ վերլուծումներու, եւրոպական բաժակներու մասնակցած 4 ակումբները միասնաբար ապահոված են 7,6 միլիոն եւրօ:
Այս գումարի զգալի մասը ձեռք ձգած է «Եուրոփա Լիկ»-ին մէջ հանդէս եկող Հայաստանի ախոյեան Արարատ-Արմէնիան, որ մինչեւ օրս 5,3 միլիոն եւրօ ապահոված է: Նոյն մրցաշարքին մէջ, համեմատութեան համար, ֆրանսական Օլիմփիք Լիոն ակումբը 18,3 միլիոն եւրօ ապահոված է:
Շատ բնական է, որ համակիրներուն թիւն ալ մեծ դեր ունի ասոր մէջ: «Քոնֆերենս Լիկ»-ին մաս կազմող Այաքս Ամսթերտամը, օրինակ, այս մրցաշարքի ամէնէն շատ եկամուտ ձեռք ձգող խումբն է: Սակայն նետերլանտական ակումբին ապահոված գումարը շատ աւելի նուազ է, քան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի բոլոր 36 խումբերը եւ «Եւրոփա Լիկ»-ի 36 խումբերէն 31-ը:
«Չեմփիընզ լիկ»-ի պարագային, վերջին երկու տարիներու ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմէն 64 միլիոն եւրօ ապահոված է, մինչ Ազրպէյճանի Սապահ ակումբը 20,2 միլիոն եւրօ միայն: