Հայաստանի հետ սկսած են առեւտրատնտեսական կապեր, կը զարգանան հաղորդակցութեան նախագիծեր: Ուաշինկթընեան վեհաժողովի պահէն ի վեր մենք փաստացի կ՛ապրինք խաղաղութեան պայմաններու մէջ: Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ զինուորական մագլցում տեղի չէ ունեցած: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով:
Անոր համաձայն, կառավարութիւններու եւ հասարակութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը շարունակուած է, սկսած են առեւտրատնտեսական կապեր, կը զարգանան փոխկապակցուածութեան եւ հաղորդակցութիւններու ոլորտներուն մէջ նախագիծերը:
«Միեւնոյն ժամանակ, մեր հասարակութիւններէն կ՛ակնկալուի, որ անոնք այլ ապագայի նային: Ասիկա իսկապէս պատմական կարելիութիւն է: Սակայն խաղաղութիւնը կը ստեղծուի ոչ միայն քաղաքական համաձայնագիրներով: Խաղաղութիւնը պէտք է տեսանելի եւ զգալի դառնայ տեղւոյն վրայ, մարդոց առօրեայ կեանքին մէջ», նշած է Էլչին Ամիրպեքով: