ՎԱՂԸ ԺԱՄԸ 16:00-ԻՆ, Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի գծով` մրցելով Սաֆա Շուէյֆաթի դէմ:
Լեռնալիբանանի Գ. դիրքը գրաւած մրցակիցը պէտք է շատ լուրջի առնել, որովհետեւ շատ կարեւոր է յաղթանակով սկսիլը:
Ունինք ընդամէնը 5 մրցումներ որոնք ծայր աստիճան կարեւոր են, եւ պէտք է լաւ ձեւով կեդրոնանալ: Ճնշում պէտք չէ ըլլայ, հանգիստ ջիղերով պէտք է խաղալ, կորսնցնելիք բան չունինք, խաղցողները երիտասարդ տղաք են, որոնք 90 վայրկեան պայքարով կրնան յաղթանակ արձանագրել: Կարեւորագոյն բանը խմբային խաղ կիրարկելն է, առանց գնդակը երկար պահելու, արագ փոխանցումներ եւ նպատակին հասնիլ` կոլ նշանակելով:
Կարելի եղածին չափ գնդակը պէտք չէ պահել մանաւանդ յետսապահ մարզիկներուն մօտ եւ արագ ձեւով դէպի առաջ փոխանցել:
Համակիրներէն կը խնդրուի խուռներամ շարքերով ներկայանալ դաշտ` քաջալերելու համար տղաքը, որոնք ամէն գնով պիտի փորձեն 3 կէտերով վերադառնալ Պուրճ Համուտ:
Համակիրներուն համար առիթ է այս մրցումին ներկայ գտնուիլը` նկատի ունենալով, որ յաջորդ մրցումները հինգշաբթի, երեքշաբթի, կիրակի եւ ուրբաթ օրով են, եւ այդքան ալ յամար չ՛ըլլար բոլորին շաբթուան կիսուն դաշտ մեկնիլը:
Վաղը բոլորս Սաֆայի դաշտ` քաջալերելու տղաքը, որպէսզի լաւ ձեւով սկսին աւարտական հանգրուանը, որուն աւարտին 2 խումբեր պիտի բարձրանան Գ. դասակարգ: