Ըմբշամարտ. Հայաստան Երկու Մետալներով Աւարտեց Լեհաստանի Բաց Մրցաշարքը

Վերջերս Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցաւ «Փոլընտ Օփըն 2026» ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքը:

Հայաստան երկու մետալներով աւարտեց մրցաշարքը, երբ 70 քկ կշիռի մրցումներուն, Արման Անդրէասեան (արծաթ) եւ Վազգէն Թեւանեան (պրոնզ) կրցան շահիլ երկու մետալները:

Մինչեւ 61 քկ կշիռի մրցումներուն մասնակցեցաւ Մանուէլ Խնձրցեան, որ 12-րդ դիրքը գրաւեց:

Այս մրցաշարքին ամէնէն յաջող ելոյթը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու հաւաքականը, որ 10 կշիռներու 8 ոսկի մետալները կրցաւ շահիլ, մինչ 97 քկ եւ 125 քկ կշիռի ոսկի մետալակիրներ դարձան Լեհաստանի ներկայացուցիչները:

Leave a Comment