Ռէալ Մատրիտի 33 տարեկան կեդրոնի յետսապահ Անթոնիօ Ռուտիկեր յայտարարեց, թէ կը լքէ Գերմանիոյ ազգային խումբը:
«Որոշակի մտորումներէ ետք եզրակացութեան յանգեցայ, որ ինծի համար ժամանակն է ազգային խումբի ասպարէզս աւարտելու, ճամբայ բանալով երիտասարդ սերունդին առջեւ: Երբ 2014-ին առաջին անգամ կրեցի ազգային խումբի շապիկը, չէի պատկերացներ, որ 86 մրցումներու պիտի մասնակցիմ գլխաւոր խումին հետ: Ճիշդ է, որ վերջին մրցաշարքերուն չկրցանք մեծ տիտղոս նուաճել, եւ մենք ստիպուած եղանք բաւական ցաւալի պարտութիւններ կրել, այս ժամանակաշրջանը ինծի համար դարձաւ իւրայատուկ անմոռանալի փուլ մը, որ ընդմիշտ հետս կը մնայ:
«Խորապէս շնորհակալ եմ խմբակիցներէս` միասնաբար տարուած պայքարին համար, հանդերձարանին մէջ եւ մարզական հաւաքներու ընթացքին, եւ ամէնէն կարեւորը` այն ընկերութեան համար, որ կը շարունակուի ֆութպոլի դաշտի սահմաններէն դուրս: Շնորհակալ եմ բոլոր մարզիչներու եւ անձնակազմին` երկար տարիներ վստահութեան եւ աշխատանքին համար: Մասնաւոր շնորհակալութիւն Եոաքիմ Լովին, Հանզի Ֆլիքին եւ Եոզիան Նակելզմանին, որոնք ուղեկցեցան ինծի եւ նպաստեցին ձեւաւորումին, հաւաքականին հետ ունեցած ճանապարհին, ինչպէս նաեւ երիտասարդական հաւաքականի իմ մարզիչ Հորսթ Ռուպեշին: Ես անշուշտ շնորհակալ եմ ձեզի` համակիրներուդ, որովհետեւ միշտ քաջալերեցիք, աջակցեցաք մասնաւորապէս Եուրօ 2024-ին` Գերմանիոյ մէջ այդ անկրկնելի մթնոլորտին համար: Այժմ ինծի համար նոր էջ մը կը սկսի, ուր ամբողջութեամբ պէտք է կեդրոնանամ ակումբի ասպարէզիս վրայ», ըսաւ Ռուտիկեր:
Նշենք, որ Գերմանիոյ ազգային խումբին հետ Ռուտիկեր 86 անգամ կրած է անոր շապիկը` նշանակելով 3 կոլ եւ կատարելով 5 էսիսթ: