Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ՀԱՊԿ-ի մասին յայտարարութեան, յայտնեց. «Չեմ ուզեր փորփրել ոչ վաղ անցեալը, սակայն ամէն բան սկսաւ Ղարաբաղի խնդիրէն: Հայաստանի ղեկավարութիւնը, ինք` վարչապետը, Փրակայի մէջ ստորագրեց համապատասխան փաստաթուղթը եւ ճանչցաւ, որ Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս է: Այդ պահէն ի վեր այս հարցին մէջ մեր դիրքորոշումը ձեռք բերաւ շատ երկակի բնոյթ: Մենք ի՞նչ է, կրնայի՞նք միջամտել կամ պէ՞տք էր միջամտէինք Ազրպէյճանի ներքին գործերուն»:
Փութին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Եթէ Հայաստան կը կարծէ, թէ Գիւմրիի մէջ ռուսական ռազմակայանին կարիքը չունի, մենք վաղն իսկ կը հեռանանք»:
«Սակայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը ատոր պատրա՞ստ է, մենք ոչ մէկ բան պիտի պարտադրենք: Եթէ հայ ժողովուրդը կ՛ուզէ, որ ռուսական ռազմակայան ըլլայ, ապա մենք պիտի մնանք, պիտի աշխատինք եւ պիտի գործակցինք», նշեց Ռուսիոյ նախագահը:
Փութինի համաձայն, ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը կրնայ որոշ դրական կողմեր բերել Հայաստանին:
«Թերեւս, Հայաստանի գործող ղեկավարութեան այս որոշումին մէջ կան դրական կողմեր, որովհետեւ այս իրավիճակը կ՛արտօնէ շրջել էջը եւ յառաջ երթալ արդէն առանց որեւէ հակամարտութիւններու: Մարդիկը տեղաւորել նոր բնակութեան վայրին մէջ, ապաշրջափակել ենթակառոյցները, նոր կեանք սկսիլ տնտեսութեան մէջ, բանալ սահմանները ներդրումներու համար եւ այլն: Դրական կողմերը, իրականութեան մէջ, քիչ չեն», ըսաւ ան:
Փութին յայտնեց, որ Փաշինեանը հրաւիրած է Մոսկուա, որպէսզի նստին եւ տարբեր կէտեր քննարկեն: