Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պիշքեքի մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին դիտել տուաւ, որ Պաքու եւ Երեւան, երկարամեայ հակամարտութեան աւարտէն ետք, կ՛աշխատին փոխադարձ առեւտուրի զարգացման, անոր տեսականիի ընդլայնման եւ նոր ցամաքային երթեւեկային հաղորդակցութիւններու ստեղծման ուղղութեամբ:
Ըստ անոր, Ազրպէյճան եւ Հայաստան աւելի քան մէկ տարի առաջ «վերջ դրին աւելի քան 30 տարի տեւած հակամարտութեան»` նախաստորագրելով խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծը:
«Ատով ալ Հարաւային Կովկասի շրջանը, որ երկարամեայ հակամարտութիւններու գօտի էր, կը վերածուի խաղաղութեան գօտիի», պնդեց ան:
Ալիեւ նշեց նաեւ, որ Ազրպէյճան արդէն նաւթամթերք կը մատակարարէ Հայաստանին, ինչպէս նաեւ իր տարածքով կ՛ապահովէ երրորդ երկիրներու բեռներու տարանցումը:
Իր ելոյթին մէջ Ալիեւ նաեւ անդրադարձաւ Արցախի հակամարտութեան հետ կապուած` 1993-ին ընդունուած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն: Ըստ անոր, չորս բանաձեւերը իրականացած են միայն 30 տարի ետք եւ, իր կարծիքով, ՄԱԿ-ը անոնց գործադրութեան մէջ ոեւէ դեր չէ ունեցած:
«Ազրպէյճան ի՛նք ամբողջութեամբ վերականգնած է իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», նշեց Ալիեւ: