Իտալիոյ Թարանթինօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող 2026-ի միջերկրականեան երկիրներու խաղերուն, Սերաֆինա Սերոբեան առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանը ներկայացուց այս միջազգային կարեւոր մրցաշարքին` գեղարուեստական մարմնամարզութեան մրցումներուն:
Պատմական է այս երեւոյթը, մանաւանդ որ Լիբանան առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի գեղարուեստական մարմնամարզութեան մրցումներուն:
Թարանթինօ 2026-ը իրար մօտ կը բերէ աւելի քան 4 հազար մարզիկներ 26 տարբեր միջերկրականեան երկիրներէ, որոնք տարբեր մարզաձեւերով կը մրցին իրար դէմ:
Այս մրցումները տեղի կ՛ունենան 4 տարին անգամ մը, անոնց կը մասնակցին լաւագոյն մարզիկները Եւրոպայէն, հիւսիսային Ափրիկէէն եւ անշուշտ Միջին Արեւելքէն` միջազգային այս մրցաշարքը դարձնելով շատ կարեւոր թէ՛ մարզական առումով, թէ՛ ալ տարբեր մշակութային մօտեցումով:
Լիբանանի համար Սերաֆինա Սերոբեանի ընտրութիւնը տարբեր կարեւորութիւն ունի: Անոր ներկայութիւնը Թարանթինոյի մէջ կը բանայ նոր էջ մը գեղարուեստական մարմնամարզութեան մէջ, ուր, ինչպէս նշեցինք, Լիբանան առաջին անգամ կը մասնակցի նման մրցաշարքի:
Սերաֆինա Սերոբեան Իտալիա կը հասնի միջազգային բաւական մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգելէ ետք: Ան շատ անգամ ներկայացուցած է Լիբանանը միջազգային բարձրորակ մրցաշարքերու եւ ինքզինք փաստած իբրեւ Լիբանանի լաւագոյն մարզիկներէն մէկը: Իր մասնակցութիւնը միայն անձնական յաջողութիւն չէ, այլ լիբանանեան այս մարզաձեւի յառաջդիմութեան արդիւնք է:
Սերոբեան այս խաղերուն Լիբանանի դրօշը բարձրացնելով պիտի մասնակցի` օրինակ դառնալով նոր սերունդին ալ:
Լիբանանի եւ արեւմտեան Ասիոյ, ինչպէս նաեւ Ասիոյ ախոյեանութեան պրոնզ մետալները շահելէ ետք այս մրցաշարքին մասնակցութիւնը ինքնին պատիւ կը բերէ Լիբանանին եւ լիբանանահայութեան: