Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Շաբաթ` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Սաֆա Շուէյֆաթ

Անցեալ շաբաթավերջին վերջ գտան Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի բոլոր շրջաններու ախոյեանութիւնները, որոնց լոյսին տակ 12 խումբեր պիտի մրցին աւարտական հանգրուանին:

12 խումբերը բաժնուած են երկու խմբակներու, եւ ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Պէյրութի շրջանի ախոյեանն է, մաս պիտի կազմէ Բ. խմբակին:

ՀՄԸՄ-ի խմբակին մաս կը կազմէ նաեւ Պեքայի ախոյեան Նասեր Քամեր Լոզ, հիւսիսի ախոյեան Արապի Աքքար, ինչպէս նաեւ հիւսիսի շրջանի փոխախոյեան Սալաֆի Հերի, լեռնալիբանանի 3-րդ դիրքը գրաւած Սաֆա Շուէյֆաթը եւ հարաւային Լիբանանի 3-րդ փոքր գրաւած Ղատիր Հարես:

Ա. խմբակին մաս կը կազմեն հարաւային Լիբանանի ախոյեան Նըժմէ Մաարաքէ, փոխախոյեան Ռայան Սարաֆանտ, հիւսիսային Լիբանանի 3-րդ դիրքը գրաւած Ֆութուէ Ռիատի, Լեռնալիբանանի ախոյեան Շապապ Պըրժ եւ փոխախոյեան Ռաուտա Տըքուանէ, ինչպէս նաեւ Պեքայի 2-րդ դիրքը գրաւած Ղազզա Ռիատին:

Ուրբաթ օր պիտի սկսին Ա. խմբակի մրցումները, մինչ շաբաթ օր տեղի պիտի ունենան Բ. խմբակի մրցումները, ուր ՀՄԸՄ Պէյրութ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Սաֆայի դաշտին վրայ, Սաֆա Շուէյֆաթի դէմ, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին:

Սաֆա Շուէյֆաթ կը նկատուի խմբակի դիւրին մրցակիցներէն, բայց ֆութպոլը դաշտին վրայ կը խաղցուի, եւ մրցումը 0-0 արդիւնքով կը սկսի:

Դաշտին վրայ 11 մարզիկներ կը մրցին իրար դէմ, եւ այդ պատճառով ալ այն խումբը, որ յաղթանակի աւելի կը ցանկայ, կը պայքարի, քրտինքի կաթիլ մը չի խնայեր, ինք է, որ կրնայ յաղթել:

Խմբային դիւրին եւ արագ մրցումով կրնանք յաղթել բոլորին, բայց ասիկա ըսել չէ, որ մրցումը յաղթած ձեւով պէտք է սկսիլ, այլ պէտք է յաղթելու կամքով խաղալ, որպէսզի հասնինք նպատակին:

Ինչպէս նշեցինք, բոլոր այս հանգրուանի մասնակիցներն ալ վստահաբար լաւ խումբեր են, որոնք կրցած են հասնիլ այս հանգրուանին, այդ պատճառով ալ իւրաքանչիւր մրցում պէտք է խաղալ կարծէք Մոնտիալի տիտղոսին համար է պայքարը:

 

Ստորեւ` Ա. հանգրուանի յայտագիրը.

ՈՒՐԲԱԹ (ՎԱՂԸ) (ԲՈԼՈՐ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ` ԺԱՄԸ 16:00-ԻՆ)

Ռայան – Ռաուտա Տըքուանէ (Ահտի դաշտ)

Ֆութուէ – Շապապ Պըրժ (Սաֆայի դաշտ)

Նըժմէ Մաարաքէ – Ղազզա Ռիատի (Անսարի դաշտ)

ՇԱԲԱԹ

Նասեր Քամեր Լոզ – Ղատիր Հարիս (Ահտի դաշտ)

Արապի Ռիատի – Շապապ Սաքաֆի Հերի (Թրիփոլի)

Սաֆա Շուէյֆաթ – ՀՄԸՄ Պէյրութ (Սաֆայի դաշտ)

Նշենք, որ Բ. հանգրուանին ՀՄԸՄ պիտի մրցի Ղատիր Հարիսի դէմ հինգշաբթի, Ահտի դաշտին վրայ:

 

 

Leave a Comment