Հեծելարշաւ. Հայաստան Պիտի Հիւրընկալէ Միջազգային «Թուր Օֆ Արմենիա»-ն

Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ միջազգային «Թուր օֆ Արմենիա»-ն, «Ճիրօ Տ՛իթալիա»-ի` կազմակերպիչներուն աջակցութեամբ:

Ինչպէս միջազգային հեծելարշաւի յայտնի շրջավազքերը` «Թուր տը Ֆրանս»-ը (Ֆրանսայի շրջավազքը), «Վուելթա ա Էսփանիա»-ն (Սպանիոյ շրջավազքը) եւ «Ճիրօ Տ՛իթալիա»-ն Իտալիոյ շրջավազքը, Հայաստանն ալ առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ իր հեծելարշաւի առաջին միջազգային մրցաշարքը` 10-13 սեպտեմբեր:

Մրցաշարքը ընդգրկուած է «Եու. Սի. Այ. Եուրոփ Թուր»-ի օրացոյցին մէջ:

Նախագիծի կազմակերպման կը մասնակցին Հայաստանի պետական կառոյցները եւ անշուշտ հեծելարշաւի ֆետերասիոնը, իսկ փորձագիտական իրենց աջակցութիւնը պիտի բերեն «Ար. Սի. Էս. Սփորթ»-ը եւ Տուպայի մէջ հիմնուած «Իվենթց Տի. Էմ. Սի. Սի.» ընկերութիւնը:

Նոր մրցաշարքը Հայաստանի համար պէտք է դառնայ ոչ միայն մարզական իրադարձութիւն, այլեւ առիթ մը` երկիրը միջազգային լսարանին ներկայացնելու արհեստավարժ հեծելարշաւի եւ մարզական զբօսաշրջութեան միջոցով:

«Թուր օֆ Արմինիա»-ի գործընկերներէն մէկը «Ար. Սի. Էս. Սփորթ» ընկերութիւնն է, որ ունի հեծելարշաւի մեծագոյն մրցումները կազմակերպելու փորձառութիւն: Նոյն այս ընկերութիւնն է, որ կը կազմակերպէ «Ճիրօ Տ՛իթալիա»-ն, ինչպէս նաեւ միօրեայ շրջավազքի, որոնց կարգին` Միլան – Սան Ռեմօ շրջավազքը:

«Թուր օֆ Արմինիա»-ի առաջին շրջավազքը նախատեսուած է չորս օրուան համար:

Երթուղին կ՛անցնի Հայաստանի քանի մը մարզիկով, այս անգամ` Գեղարքունիքով, Տաւուշով, Լոռփով եւ Արագածոտնով:

4 օրուան մրցումներուն վերջին քիլոմեթրներուն մասնակիցները կը հասնին Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւան:

Կազմակերպիչները յոյս ունին, որ շրջավազքը չի սահմանափակուիր միայն մէկ տարիով: Հայաստանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը մտադիր է այս շրջավազքը դարձնել տարեկան միջազգային իրադարձութիւն:

Նախագիծի գլխաւոր նպատակներէն մէկն է ամրապնդել Հայաստանի հեղինակութիւնը իբրեւ երկիր, որ կրնայ հիւրընկալել միջազգային մակարդակի մարզական իրադարձութիւններ: Միեւնոյն ժամանակ բազմօրեայ շրջավազքի կազմակերպումը պէտք է նպաստէ արհեստավարժ հեծելարշաւի զարգացման, արտասահմանէն մասնակիցներու ներգրաւման եւ մարզական զբօսաշրջութեան տարածման:

 

Leave a Comment