Հաղորդագրութիւն. Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Եւ Երեւանի Կոմիտասի Անուան Պետական Երաժշտանոցի Միջեւ Գործակցութեան Վերահաստատում

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան պատուիրակութիւնը երկուշաբթի, 3 օգոստոս 2026-ին Երեւանի մէջ պաշտօնական տեսակցութիւն մը ունեցաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի նախագահի պաշտօնակատար Ծովինար Մովսիսեանի հետ: Համազգայինի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ատենապետ Շանթ Յարութիւնեան, Կրթական խորհուրդի անդամ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեան եւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան:

Հանդիպումին քննարկուեցան երկու կառոյցներուն միջեւ հաստատուած 30-ամեայ համաձայնագիրին յօդուածները: Կողմերը շեշտեցին, որ գործակցութիւնը էապէս կը ծառայէ, որ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի շրջանաւարտները, նախորդներուն նման, կարելիութիւնը ունենան իրենց մասնագիտական ուսումը շարունակելու պետական երաժշտանոցին մէջ: Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ երաժշտանոցի տնօրէնութիւնը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ պիտի դնէ` կարգաւորելու ուսանողներուն երաժշտանոց մուտքը եւ ցուցաբերելու համապատասխան աջակցութիւն:

Միտքերու փոխանակումէն ետք, կողմերը որոշեցին 2022-ի գործակցութեան համաձայնագիրը 2026-ի դեկտեմբերին երկարաձգել հինգ տարիներով:

Յայտնենք, որ 2026-2027 տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին կողմէ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աւարտականներուն պիտի տրուին արժեւորման յատուկ հաստատագիրներ: Իսկ տարեշրջանի ընթացքին Երեւանի երաժշտանոցի ներկայացուցիչը պիտի այցելէ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճ` իրականացնելու ուսուցիչներու վերաորակաւորման աշխատանքներ եւ վարելու բարձր դասարաններու աշակերտներուն համար վարպետաց դասեր:

Աւարտին Համազգայինի պատուիրակութեան յանձնուեցան Երեւանի երաժշտանոցի թարմացուած կրթական ծրագիրներու օրինակներ: Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ շեշտելու Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու վերաշխուժացման կարեւորութիւնը:

Վերջապէս, նշեալ համաձայնագիրը Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի կողմէ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ճանաչումի վերահաստատումն է, որ արդիւնքն է անցնող տասնամեակներուն կանաչեաններու շունչով սերունդներու երաժշտական կրթութեան ապահովման համազգայնականներու անսակարկ ճիգերուն:

Մեր երաժշտական քոլեճին նկատմամբ բոլորին վստահութիւնը հիմք կը հանդիսանայ նորանոր իրագործումներու` յանուն մեր մշակութային ժառանգութեան պահպանման, որ այսօր, աւելի քան երբեք, համազգային անհրաժեշտութիւն է եւ մեր գոյատեւման երաշխիքն է:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ
ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Leave a Comment