«Ֆորմիւլա 1» «Ֆեռարի» Պիտի Նշէ Շումախըրի Առաջին Յաղթանակին 30-Ամեակը Այս Շաբաթավերջին` Մոնցայի Մէջ

«Ֆորմիւլա 1»-ի Ֆեռարի իտալական խումբը այս շաբաթավերջին, պիտի նշէ գերմանացի վարորդ Միքայէլ Շումախըրի 1996-ի առաջին յաղթանակը` Իտալիոյ կրան փրիին, Մոնցայի մէջ:

Այս տարի կ՛ըլլայ 30-րդ տարին, երբ 7 անգամ աշխարհի ախոյեան դարձած Շումախըր միացած էր «Ֆեռար»-ի (1996-ին), օրին 2 ախոյեանի տիտղոսով (Պենեթոնի հետ):

Գերմանացի վարորդին ժամանումով, «Ֆեռար»-ի բարեփոխուեցաւ եւ ոսկի ժամանակաշրջան մը սկսաւ Մարանելլոյի շրջանի խումբին համար, ուր Շումախըր կրցաւ 5 յաջորդական տիտղոսներ շահիլ, իսկ խումբը 6 անգամ շահեցաւ խմբային ախոյեանութիւնը:

Շումախըր, որ այժմ 57 տարեկան է, հանրային կեանքէն հեռացաւ դեկտեմբեր 2013-էն ի վեր, երբ ֆրանսացի Ալփեան լեռներուն վրայ արկածի մը հետեւանքով լրջօրէն վիրաւորուեցաւ եւ գլխու նուրբ վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ:

«Ֆեռարի» յայտնեց, որ «Էս. Էֆ.-26» «Ֆեռարի»-ները` Շարլ Լըքլերի եւ Լուիս Համիլթընի (իր կարգին 7 անգամ աշխարհի ախոյեան), պիտի նմանին Շումախըրի առաջին «Ֆեռարի»-ին` «Ֆեռարի 310», ամբողջովին կարմիր, քիչ մը ճերմակ բաժիններով եւ սեւ, կրելով Էմ. եւ Էս. տարրերը:

Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Շումախըրի ամէնէն յաջողած ինքնաշարժները` «Էֆ. 310»-ն, «248»-ն (2006-ի) եւ «Էֆ. 2002»-ն:

2002-ի ինքնաշարժը պիտի վարէ Շումախըրի նախկին խմբակից Ռուպենս Պարիքելոն` շաբաթ օր, եւ չորս անգամ աշխարհի ախոյեան Սեպասթիան Ֆեթելը` կիրակի օր, անշուշտ կրան փրիէն առաջ:

1996-ին Շումախըր Մոնցայի մէջ կրցած էր յաղթել «Ֆեռարի»-ի հետ, 1988-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով («Ֆեռարի»-ի համար), եւ այս շաբաթավերջին Լըքլեր – Համիլթը զոյգը պիտի փորձեն կրկնել այդ յաղթանակը:

«Ֆեռարի» վերջին անգամ 2024-ին կրցած էր յաղթել Մոնցայի մէջ Լըքլերի միջոցով, որ 2019-ին ալ յաջողած էր շահիլ: Համիլթըն, որ անցեալ տարի միացած էր «Ֆեռարի»-ին, 5 անգամ կրցած է յաղթել Մոնցայի մէջ «Մաքլարեն»-ի եւ «Մերսետես»-ի օրերուն:

Իտալացի Քիմի Անթոնելլի, որ այժմ կը գրաւէ վարորդներու դասաւորման առաջին դիրքը, իր «Մերսետես»-ով պիտի սկսի վերջին դիրքէն, որովհետեւ ան ստիպուած էր ինքնաշարժին ելեկտրական ուժի բաժինը ամբողջութեամբ վերափոխել:

Leave a Comment