«Էմ. Էմ. Էյ.» Չոբանեան Յաղթեց, Բոլէեան Պարտուեցաւ

Քալիֆորնիոյ Քոմերս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Եու. Էն. Էֆ. 35» մրցաշարքին, թեթեւ կշիռի «Էմ. Էմ. Էյ.»- մարզիկ Ֆետիա Չոբանեան իր առաջին մենամարտը կատարեց արհեստավարժ ասպարէզին գծով եւ յաղթանակ արձանագրեց:

Չոբանեան իր մենամարտը կատարեց Քայլեն Պիշովի դէմ: Ան մենամարտը կանուխ աւարտեց` յաղթելով իր մրցակիցին` խեղդող հնարքով:

Նախապէս Չոբանեան կը մասնակցէր «Եու. Էն. Էֆ.»-ի կէս արհեստավարժ մրցումներուն եւ դարձած էր ախոյեան 7-1 մրցումներու արդիւնքով:

Այժմ անոր մրցումներու արդիւնքը 1-0 է արհեստավարժ ելոյթներու գծով:

Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած «Էյ. Սի. Պի. 22» մրցաշարքին, մարտական Ճիու-Ճիցուի կանոններով մենամարտի մը ընթացքին, Հայաստանը ներկայացնող Մորիս Բոլէեան մենամարտի ընթացքին պարտութիւն կրեց Մոհամետ Մոգայեւէն:

Մենամարտը ընդհանուր առմամբ հաւասար կ՛ընթանար: Երկու մարտիկներն ալ կը փորձէին մենամարտը աւարտել ցաւցնող կամ խեղդող հնարքով: Սակայն մենամարտի վերջին վայրկեաններուն Մոգայեւ աւելի լաւ էր եւ կրցաւ իրաւարարներու որոշումով (չնչին տարբերութեամբ) շահիլ մենամարտը:

Այս ձեւով Մոգայեւ դարձաւ «Էյ. Սի. Պի.»-ի ախոյեան: Նշենք, որ մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ:

Leave a Comment