16 տարեկան հայ թենիսմեն Առնօ Աւետիսեան դարձաւ Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած «Պոհտան Թոմաշեվսքի բաժակ 2026» միջազգային պատանեկան մրցաշարքի ախոյեան:
Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անհատական յաղթանակն է այս` առաջին կարգի միջազգային պատանեկան մրցաշարքի մէջ:
Մրցաշարքի աւարտականին Աւետիսեան 6-2 եւ 7-5 արդիւնքով կրցած է յաղթել լեհ Իկոր Պարթնիքին: Մրցաշարքին ընթացքին Առնօ Աւետիսեան կրցած է յաղթել 3 լեհ եւ մէկ սերպ թենիսմեններու:
Աւետիսեան զոյգ տղոց մրցաշարքին ալ ախոյեան դարձած է Վլատիսլաւ Պոկոմոլքինի հետ` աւարտականին 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք լեհ զոյգին:
Այսպիսով, Աւետիսեան կրցած է Լեհաստանի մէջ անհատական եւ զոյգ տղոց տիտղոսները նուաճել: