Լիբանանի հեծալարշաւի ֆետերասիոնը հեծելարշաւի մրցում մը կազմակերպեց` նուիրուած Յովհաննէս եւ Վարդգէս Ծատուրեաններու յիշատակին, հովանաւորութեամբ Պրումմանայի քաղաքապետարանին, ներկայութեամբ քաղաքապետ Փիեռ Աշքարի, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներուն եւ շրջանի թաղապետներուն, ինչպէս նաեւ Ժուրեթ Պալլութի քաղաքապետին եւ Ծատուրեան ընտանիքի անդամներուն:
55 մարզիկներ մասնակցեցան մրցումին` տարիքային տարբեր խմբաւորումներով, գեղեցիկ մարզական մթնոլորտի մէջ եւ ներկայութեամբ մեծ թիւով մարզասէրներու:
55 մասնակիցները մրցումը սկսան Նահր Մոթ-Ռումիէ շրջանի գործարաններու շրջանէն մրցելով ժամացոյցի դէմ, ուր մասնակիցները սկսան անհատաբար, 1 վայրկեան տարբերութեամբ հասնելով Պաապտեթ, Մեթնի արագ մայրուղիի գիծէն 11,2 քմ երկարող ճամբուն վրայ:
Անշուշտ մայրուղին փակուած էր ինքնաշարժներուն համար` ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ Լիբանանեան բանակին կողմէ, ապահով պահելու մարզիկները, մինչ ինչպէս միշտ ներկայ էին նաեւ Լիբանանեան Կարմիր խաչի շտապ օգնութեան հիւանդատարները:
Մասթըրզի մրցումներուն, Ժորժ Էսքանտար (ներքին ապահովութեան ուժեր) գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ Յակոբ Քէշիշեան (ՀՄԸՄ Այնճար) եւ Ալի Աթուէ (Լիբանանի հեծելարշաւի ակումբ, Արապսալիմ) յաջորդաբար գրաւեցին 2-րդ եւ 3րդ դիրքերը:
Էլիթ մակարդակի մրցումներուն, Ապտելազիզ Մանեհ (ՀՄԸՄ Պէյրութ) գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ Նաֆեզ Քամալէտտին (Ղազալ ակումբ, Թրիփոլի) եւ Նիզար Քատի (Լիբանանեան բանակ) յաջորդաբար գրաւեցին 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը:
Երիտասարդներու առաջին դիրքը գրաւեց Պշարա Հաժ (ՀՄԸՄ Անթիլիաս), մինչ Ահմետ Մաշմուշի (Ռայզ Էնտ Ռէյզ) եւ Հատի Քասեմ (ՀՄԸՄ Անթիլիաս) գրաւեցին 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը յաջորդաբար:
Աղջկանց մրցումներու առաջին դիրքը գրաւեց Ռամոնա Խալիֆէ (Լիբանանի հեծելարշաւի ակումբ, Արապսալիմ), մինչ Քարոլ Պոյաճեան եւ Էլսի Ասմար (Ռայզ Էնտ Ռէյզ) յաջորդաբար գրաւեցին 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը:
Մրցումէն ետք բաժակները եւ մետալները յանձնուեցան յաղթական մարզիկներուն, ապա խօսք առաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի քարտուղար Միշել Տաղըլ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Պրումմանայի քաղաքապետութեան, որ հիւրընկալեց այս յիշատակելի մրցումը 11-րդ տարին ըլլալով, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներքին ապահովութեան ուժերուն, Լիբանանեան բանակին եւ Լիբանանեան Կարմիր խաչին` իրենց ներկայութեան եւ մրցումին ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:
Խօսք առաւ նաեւ ֆետերասիոնի նախագահ Հրայր Սաթոյեան, որ ողջունեց Պրումմանայի քաղաքապետութեան դերը թէ՛ հովանաւորելով այս մրցումը եւ բոլոր մրցումները` քաջալերելով այս մարզաձեւը, թէ՛ ալ մրցումը Յովհաննէս եւ Վարդգէս Ծատուրեաններու յիշատակին նուիրելով: Ծատուրեան եղբայրները տարիներով այս մարզաձեւին տէր եղած էին` զայն բարձր մակարդակի հասցնելով:
Իր խօսքի աւարտին, Սաթոյեան առ ի գնահատանք յուշանուէր մը յանձնեց քաղաքապետ Փիեռ Աշքարին` յիշատակի այս մրցումը յաջողցնելու համար` շեշտելով կարեւորութիւնը այս ձեւի մրցումներու:
Իր կարգին, քաղաքապետ Փիեռ Աշքար խօսք մը առաւ շնորհաւորելով բոլոր մասնակիցները եւ հանդիսատեսները, նշելով Ծատուրեան եղբայրներու զոհողութիւնները այս մարզաձեւին եւ ի մասնաւորի Պրումմանա գիւղաքաղաքին համար` հաստատելով, որ յիշատակի այս մրցումը ամէն տարի պիտի շարունակէ կայանալ տարեկան ձեւով: