Զախարովա. «Երիտասարդութիւնը Կրնայ Անգնահատելի Դեր Ունենալ Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման Գործին Մէջ»

Երիտասարդութիւնը կրնայ անգնահատելի դեր ունենալ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կրնան եւ պէտք է աւելին ըլլան, քան պաշտօնական փաստաթուղթերու մէջ ամրագրուած մակարդակը, որովհետեւ երկու երկիրներու գործակցութեան հիմքը  բազմադարեան պատմական անցեալը, մշակութային սերտ կապերն ու հասարակաց աւանդական արժէքներն են», յայտարարած է Զախարովա:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յատուկ ընդգծած է, որ Ռուսիան, այլ հարցերու շարքին, իր զգալի աւանդը ներդրած է նաեւ հանգուցալուծման գործին մէջ այն արիւնալի հակամարտութիւններուն, որոնք կը խլէին Հայաստանի քաղաքացիներու կեանքերը:

Leave a Comment