Ֆրանսական Դիւանագիտական Աղբիւր Մը` «Հատաս»-ին. «Ֆրանսան Եւ Իտալիան Աշխատանք Կը Տանին ՖԻՆԻՒԼ-էն Ետք Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Ծրագիրի Մը Շուրջ»

Ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւր մը սէուտական «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ապահովութեան խորհուրդին մէջ մեր գործընկերներուն հետ Լիբանանի վերաբերեալ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան»:

«Ֆրանսան ու Իտալիան աշխատանք կը տանին ՖԻՆԻՒԼ-էն ետք Լիբանանի մէջ միջազգային ներկայութեան ծրագիրի մը շուրջ», ըսաւ աղբիւրը` աւելցնելով. «Իտալական-ֆրանսական ծրագիրը կարելի եղածին չափ շուտ Լիբանանի կայունութիւնը երաշխաւորելու համար է»:

Ըստ անոր, «Լիբանանի մէջ կացութեան կայունութիւնը Հըզպալլայի զինաթափման ճամբով է»:

«ՖԻՆԻՒԼ-էն ետք, Լիբանանի մէջ միջազգային ներկայութիւնը ՄԱԿ-ի աջակցութիւնը պիտի վայելէ», նշեց ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւրը:

Leave a Comment